ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՔԱՅԼԵՐ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ Կեդրոնականի սիրոյ սեղանի հուսկ բանքին ընթացքին անդրադարձաւ համայնքային շարք մը կարեւոր հարցերու։ Նկատի ունենալով, որ հաւաքոյթի ընթացքին իսթանպուլահայ կրթական կեանքի վերջին տասնամեակներու վիճակագրական տուեալները մատնանշուած էին՝ Նորին Սրբազնութիւնը դիտել տուաւ, թէ այսօր մեր համայնքը ունի միայն տասնվեց վարժարան եւ երեք հազար աշակերտութիւն։ Եթէ ամէն ինչ այս վերջին տասնամեակներու թափով եւ հունով շարունակուի, ապա դժուար չէ կանխատեսել, թէ տասն տարի վերջ մեր վարժարաններուն թիւը պիտի ըլլայ աւելի նուազ, նոյնպէս նաեւ աշակերտութեան քանակութիւնը։ «Այս ընթացքով պիտի պարտաւորուինք փակել մեր կարգ մը վարժարանները, որպէս համայնք՝ պիտի հարկադրուինք փոքրանալ, ամփոփուիլ», ըսաւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ աւելցուց, թէ Պատրիարքական Աթոռի պիւտճէն ալ վերջին տարիներուն կը հաւասարակշռուի բաւականին դժուար պայմաններու ներքեւ։
Այս ընդհանուր դժուարին հոսանքի պայմաններուն ներքեւ Պատրիարքական Աթոռը կը ջանայ ձեռք առնել նախազգուշական միջոցներ, կը փորձէ դիմել նոր նախաձեռնութիւններու՝ որպէսզի կարենայ հնարաւորինս հակադրուիլ այն պայմաններուն, որոնք այսօր լուրջ յոռետեսութեան մը ծնունդ կու տան մեր իրականութեան մօտ։ Այս ամբողջին մէջ ան տեղեկացուց, թէ «Յովակիմ 1461» հիմնարկը այլեւս վերջնականօրէն հիմնուած է ու հաստատուած՝ պաշտօնապէս նախատեսուած բոլոր ընթացակարգերով։ Ծանօթ է, որ այս հիմնարկին ստեղծումը միջոցէ մը ի վեր կը զբաղեցնէ համայնքին օրակարգը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի գլխաւորութեամբ Պատրիարքական Աթոռը այս նախաձեռնութիւնով հանդէս եկած է՝ յաղթահարելու համար այն գոնէ նիւթական դժուարութիւնները, որոնք կը ծագին իր պատշօնական կարգավիճակէ մը զուրկ ըլլալու հետեւանքով։ Անշուշտ մասնակի լուծում մըն է այս մէկը, որովհետեւ նման վաքըֆ մը ամբողջութեամբ չի կրնար փոխարինել Պատրիարքական Աթոռը, սակայն առկայ անկարելիութիւններուն դէմ առնուած քայլ մըն է այս վագըֆը, որու ընդհանուր ժողովը պիտի բաղկանայ թրքահայ հոգեւորականաց դասու անդամներէն։ Ցայսօր բազմաթիւ վիճելի հանգամանքներ օրակարգի վրայ բերուած են այս նորաստեղծ հիմնարկի պարագային, սակայն առարկայական իրողութիւնը այն է, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հետեւողական ջանքերով իրականացուցած է «Յովակիմ 1461»ի հիմնադրութիւնը։ Նորին Սրբազնութիւնը համայնքային շրջանակներուն ներկայութեամբ երէկ պաշտօնապէս տեղեկացուց, որ որպէս անհրաժեշտ դրամագլուխ ու երաշխիք ինք իր անձնական կալուածը փոխ տուած է այս հիմնարկին հիմնադրուիլը ապահովելու նպատակով։ Առաջին իսկ օրէն «Յովակիմ 1461»ի պարագային առաւել կարեւորութիւն կը վերագրուի այն հեռանկարին, որ այս հիմնարկը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ, որպէսզի Պատրիարքարանը կարենայ ընդունիլ կտակներ։ Արդարեւ, այսօր արտասահմանաբնակ բազ-մաթիւ հայեր Թուրքիոյ դատական իշխանութիւններուն դիմած են՝ անցեալի մէջ իրենց կամ իրենց նախնիներուն պատկանած կալուածներու սեփականութեան իրաւունքը վերաձեռքբերելու նպատակով։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկուան սիրոյ սեղանին ընթացքին յայտնեց, թէ այդ դատերուն հետամուտ եղած բազմաթիւ հայեր պատրաստակամ են յաջողութեան հասնելու պարագային իրենց կալ-ւածները կտակելու Պատրիարքական Աթոռին։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յայտնեց, թէ անոնց պատրաստակամութիւնը լուրջ հեռանկարներ կրնայ ստեղծել Պատրիարքական Աթոռի առաքելութեան վերարժեւորման եւ գործունէութեան առաւել աշխուժացման տեսանկիւնէն։ Այժմ Նորին Սրբազնութիւնը կը յուսայ, որ այդ դատերը փութով հասնին իրենց աւարտին եւ կտակի խոստումներու իրականացման զուգահեռ՝ «Յովակիմ 1461»ի գործունէութիւնն ալ ժամ առաջ մտնէ կայուն հունի մը մէջ։
Ընդհանուր Փոխանորդին խօսքերով, եւ որ Պատրիարքարանը հնարաւորութիւն ունենայ աստիճանաբար բարելաւելու իր դիրքը, ապա «Յովակիմ 1461»ի գործունէութեան որոշ չափով հասուննալուն զուգահեռ՝ Աթոռը կը նախատեսէ ուղղակի օժանդակութիւններ յատկացնելու մեր համայնքին համար։ Առաջին հերթին այդ օժանդակութիւնները պիտի իրականացուին կրթաթոշակներու ձեւաչափին մէջ։ Արդարեւ, այսօր մեր համայնքի դպրոցահասակ պատանիները կամ երիտասարդները կը յաճախեն ոչ-համայնքային վարժարաններ։ Սա մարդուժի լուրջ կորուստ մըն է մեր համայնքի տեսանկիւնէն։ Թրքահայ ընտանիքներուն զաւակները մեծաւ մասամբ սկսած են յաճախել վճարովի գոլէճներ։ Պարագաները ինչ որ ալ ըլլան, Պատրիարքական Աթոռը վերջին հաշուով պարտաւոր է ուշադրութիւն կեդրոնացնելու մեր համայնքային կրթօճախներու ցանցի ապագային վրայ։ Արդարեւ գոլէճներու կողմէ երաշխաւորուած ամբողջ որակը կը մատուցուի գումարներու փոխարէն։ Իսկ մեր համայնքային վարժարանները կը փորձեն առաւելագոյնը ապահովել թրքահայ համայնքի ամենահամեստ խաւերէ ընտանիքներու զաւակներուն համար։ Հետեւաբար, այդ երկու երեւոյթներուն միջեւ յառաջացած տարբերութիւնը հաւասարակշռելու տեսանկիւնէն Պատրիարքական Աթոռը կը ձգտի կրթաթոշակներ յատկացնել՝ եթէ այսօր մշակուած ծրագրերը ընթանան նախատեսուած հունին մէջ ու հասնին իրենց տրամաբանական աւարտին։
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկուան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ նաեւ խորհրդակատարութիւններու վերաբերեալ մանրամասնութիւններու։ Արդարեւ, Պատրիարքարանը որոշած է յետ այսու մէկ քահանայով կատարուելիք յուղարկաւորութիւնները եւ մկրտութեան խորհրդակատարութիւնները զերծ պահել ամէն տեսակ նուիրատուութեան անհրաժեշտութենէ։ Այսինքն, յետ այսու լրիւ անվճար պիտի կատարուին մէկ քահանայով յուղարկաւորութիւնները եւ մկրտութիւնները։ Նուիրատուութիւններու սակագինը գործադրուիլ պիտի սկսի երկու քահանայի մասնակցութեան աստիճանէն սկսեալ։ Այս ծիրին մէջ բացառութիւն պիտի կազմեն պսակի խորհրդակատարութիւնները։ Ըստ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, Պատրիարքարանը արդէն կարիքաւորներու պարագային լրիւ ձրի կը կազմակերպէր յուղարկաւորութիւնները։ Հիմա ալ նոյն նախընթացը պիտի շարունակուի, սակայն այդ մէկուն ծիրը ընդլայնուած է ու պիտի ներառնէ մէկ քահանայով կատարուելիք բոլոր յուղարկաւորութիւնները։ Մէկ քահանայով կատարուելիք մկրտութիւններն ալ այս նոյն ծիրին մէջ ընդգրկուած են, որովհետեւ Պատրիարքական Աթոռը կը ձգտի խրախուսել այն երիտասարդ ծնողները, որոնք մտադրութիւն ունին իրենց զաւակները հասցնել որպէս հայ-քրիստոնեաներ։