ԷՍԱԵԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ԹԱՔՍԻՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ բիւր յարգանքով ոգեկոչուեցան բարեյիշատակ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները, որոնք յարակից Էսաեան վարժարանի հիմնադիրներն են։ Այս առթիւ Էսաեանի ընտանիքը հերթական անգամ իր խոնարհումը բերաւ հիմնադիր հարազատներու բարի յիշատակին առջեւ ու վերանորոգեց անոնց նկատմամբ երախտագիտական զգացումները։
Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ Կիրակնօրեայ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Վահրամ Սրկ. Լիւլէճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Լուսաւորիչ Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Յակոբ Մամիկոնեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Արէտ Պոզթաշի։ Օրուան խրատականին մէջ պատարագիչ Տէր Հայրը վեր առաւ Էսաեան հարազատներուն թողած ժառանգը ու կարեւորեց կրթադաստիարակչական բնագաւառէն ներս կատարուած բոլոր ներդրումները։ Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որու ընթացքին առ Աստուած աղօթք բարձրացուեցաւ Էսաեան բարեյիշատակ հարազատներու հոգւոցն ի հանգիստ։
Ոգեկոչման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Պէյօղլուի ընտանիքէն պատասխանատուներ եւ Էսաեան վարժարանէն պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ դպրոցի զանազան սերունդներէ երախտաշատ սաներ։
Թրքահայ կեանք
- 02/17/2025