ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻ ՍԻՐՈՒԱԾ ԱՍՏՂԵՐԷՆ ՕՂՈՒԶ ՍԱՎԱՇ ԵՒ ՍԵՐՀԱՏ ՉԵԹԻՆ ԶՐՈՅՑԻ ՄԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՇԻՇԼԻ ԱԿՈՒՄԲԻ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՀԵՏ

Շիշ­լի մար­զա­կում­բին կող­մէ կազ­մա­կերպուած պաս­քեթ­պո­լի դա­սըն­թաց­քին մաս­նա­կից փոք­րիկ­նե­րը ե­րէկ ապ­րե­ցան յատ­կան­շա­կան օր մը։ Պա­քըր­գիւ­ղի մէջ, Տա­տեան վար­ժա­րա­նի նո­րա­կա­ռոյց հա­մա­լի­րէն ներս, «Եդ­քին Պէր­պէ­րօղ­լու» մար­զա­դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ ա­նոնք պի­տի ի­րա­կա­նաց­նէին ի­րենց հեր­թա­կան պարապ­մունքը։ Սա­կայն, ե­րէ­կուան սո­վո­րա­կան օ­րը ի­րենց տե­սան­կիւ­նէն ա­րտա­սո­վոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ։ Ար­դա­րեւ, ի­րենց այ­ցե­լու­թեան փու­թա­ցին Թուր­քիոյ պաս­քեթ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նի եր­կու հա­մակ­րե­լի աստ­ղե­րը՝ Օ­ղուզ Սա­վաշ եւ Սեր­հատ Չե­թին, ո­րոնք ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տուե­ցան շիշ­լի­ցի­նե­րուն կող­մէ։ Նո­րա­կառոյց դպրո­ցա­կան հա­մա­լի­րի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» դահ­լի­ճին մէջ Օ­ղուզ Սա­վաշ եւ Սեր­հատ Չե­թին ան­մի­ջա­կան ձե­ւա­չա­փի մը մէջ զրու­ցե­ցին շիշ­լի­ցի փոք­րիկ­նե­րուն հետ։ Զրոյ­ցը վա­րեց ա­ւագ մար­զիչ Մու­րատ Պիւ­յիւք­մե­թէ։

Այս հա­ճե­լի օ­րուան ի յի­շա­տակ Շիշ­լի մար­զա­կում­բի վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ Ա­լէն Թեք­պը­չաք յու­շա­նուէր մը եւ մար­զա­շա­պիկ մը յանձ­նեց Օ­ղուզ Սա­վա­շին։ Նոյն­պէս, վար­չա­յին­նե­րէն Զա­րեհ Քա­րա­քա­շըն ալ յու­շա­նուէր մը եւ մար­զա­շա­պիկ մը յանձ­նեց Սեր­հատ Չեթի­նին։

Պաս­քեթ­պո­լի հա­ւա­քա­կա­նի եր­կու աստ­ղե­րը այ­ցե­լու­թեան եզ­րա­փա­կիչ փու­լին մար­զա­դահ­լի­ճին մէջ մէկ­տե­ղուե­ցան շիշ­լի­ցի պա­տա­նի­նե­րուն հետ, ա­նոնց հետ մի­ջոց մը պաս­քեթ­պոլ խա­ղա­ցին ու հրաժեշտ ա­ռին՝ բո­լո­րին վրայ վառ տպա­ւո­րու­թիւն գոր­ծած ըլ­լա­լով։

Երկուշաբթի, Յունուար 18, 2016