ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԽՈՐԱԽՈՐՀՈՒՐԴ ՕՐԵՐ Կ՚ԱՆՑԸՆԵՆ ՍՈՒՐԲ ԵՐԿՐԻՆ ՄԷՋ
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբի անդամները խորախորհուրդ օրեր կ՚ապրին դէպի Սուրբ Երկիր ուխտագնացութեան շրջագծով։ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ անոնք ուխտագնացութեան մեկնած են դէպի Երուսաղէմ, ուր Հայ Եկեղեցին Ամանորն ու Ս. Ծնունդը կը նշէ ըստ հին տոմարի։ Խումբը կը գլխաւորէ դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Երգչախումբի անդամներն ու պոլսահայ ուխտաւորները Երուսաղէմ մեկնելու ճանապարհին, ըստ ընկալեալ սովորութեան, ուխտի այց մը տուին Եաֆայի Ս. Նիկողայոս հայոց վանքը։ Տեղւոյն հովիւը՝ Տ. Տիրան Վրդ. Յակոբեան ջերմօրէն հիւրընկալեց ուխտաւորները, որոնց տեղեկութիւններ փոխանցեց պատմական սրբավայրին շուրջ։ Երգչախումբը Եաֆայի հայոց վանքին մէջ երգեցողութիւններով հանդէս եկաւ Ատրուշան Հալաճեանի մականին ներքեւ։
Հարկ է նշել, որ երգչախումբի անդամներուն միացած է նաեւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր կարգ մը գործակից ընկերները։