ԳԱԼՖԱԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԿՈՂՄԷ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ ՕՐԱԹԵՐԹԻՆ

Գալֆաեան Տան տնօրէնուհի Թամար Ներկիսի կողմէ նախընթաց օր ստացանք շնորհակալութեան նամակ մը։ Թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին հասցէագրուած այս նամակը ունի շնորհակալագրի մը բնոյթը։ Գալֆաեան Տան ընտանիքին անունով տնօրէնուհին փափաքած է շնորհակալութիւն յայտնել՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին կողմէ վարժարան ուղարկուած գիրքերուն համար։

Ինչպէս ծանօթ է, «ԺԱՄԱՆԱԿ 100» մատենաշարէն վերջերս լոյս տեսած է Վահան Թէքէեանի «Երկու դրախտները» գիրքը։ Թերթիս վարչութիւնը այս գիրքը տրամադրած է մեր բոլոր վարժարաններու տնօրէնութիւններուն եւ փափաքող կրթական մշակներուն։ Այս ծիրին մէջ Գալֆաեան ուղարկուած գիրքերուն բերումով խմբագրատունս ուղարկուած է շնորհակալութեան նամակ մը։ Տնօրէնուհի Թամար Ներկիս գրի առած է անկեղծ արտայայտութիւններ ու շեշտած է, որ Գալֆաեանի մէջ կը ջանան ուսուցանել հայերէնը այն աշակերտներուն համար, որոնք հեռաւոր քաղաքներէ եկած են ու հասած՝ ոչ-հայախօս բնակարաններէ։ «Անոնք հայախօս դարձնելը մեր միակ նպատակն է», ընդգծած է Թամար Ներկիս եւ աւելցուցած՝ որ վարժարանի կրթական մշակները պիտի օգտագործեն նաեւ սոյն գիրքը։

Թամար Ներկիս գրութեան մէջ անդրադարձած է մայրենին կորուստէ փրկելու եւ անոր գոյատեւման համար կրթական մշակներու գաղափարներու ճոխացման։ Այս առումով ան գնահատելի համարած է թերթիս կողմէ ցուցաբերուած փափկանկատութիւնը։

Յարակից սիւնակին մէջ կը ներկայացնենք մեզի հասած այս նամակը, որ կը ցոլացնէ նաեւ գեղարուեստական ճաշակ։

Հինգշաբթի, Յունուար 18, 2018