ՏԵՒԷՃԵԱՆԻ ԹԵԶԸ ԳԻՐՔԻ ՎԵՐԱԾՈՒԱԾ

Մեր համայնքի արժէքաւոր գիտնականներէն տքթ. Մերի Թաքսի-Տեւէճեանի կողմէ պաշտպանուած թեզը վերջերս հրատարակուած է գիրքի ձեւաչափով։ Իսթանպուլի համալսարանի Ընկերային գիտութեանց կաճառէն ներս, փրոֆ. Ֆաթմա Շեպնէմ Արըքպողայի վերահսկողութեան ներքեւ պատրաստուած գիտական հետաքրքրական աշխատութիւն մըն է այս մէկը։

Մերի Թաքսի-Տեւէճեանի տոքթորականի թեզը, որ ներկայիս վերածուած է գիրքի, խորքին մէջ, ոսկերչութեան բնագաւառի վերաբերեալ հետազօտութիւն մըն է։ Ազգային-փոքրամասնական ձեռներէցութեան մէջ ընկերային ցանցի՝ ձեռներէցութեան նպատակադրոյթներուն վրայ ունեցած դերակատարութեան կը վերաբերի այս հետաքրքրական աշխատանքը։

Տքթ. Մերի Թաքսի-Տեւէճեան նախընթաց օր այս գիրքէն օրինակ մը նուիրեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ զինքը հիւրընկալեց Գումգաբուի մէջ։ Զրոյցի ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ քաղեց այս գիտական աշխատանքի բովանդակութեան զանազան երեսակներուն շուրջ, գնահատեց տքթ. Մերի Թաքսի-Տեւէճեանը եւ ապագայ յաջողութիւններ մաղթեց անոր ծաւալած գիտական գործունէութեան համար։

Ուրբաթ, Փետրուար 18, 2022