ԱՆՅԵՏԱՁԳԵԼԻ ԱՇԽԱՏԱՆՔ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հերթական անգամ մէկտեղուեցաւ համայնքային վարիչներուն հետ։ Այս անգամուան խորհրդակցութիւնը շատ կարեւոր բնոյթ կը ներկայացնէր, որովհետեւ անյետաձգելի աշխատանքի մը կը վերաբերէր։ Թուրքիան ցնցած ահաւոր երկրաշարժը, անխուսափելիօրէն, նոր օրակարգ մը պարտադրած է երկրին։ Այդ օրակարգը, բնականաբար, այդքան ալ թէեւ նոր չէ, սակայն առկայ ցնցումին պատճառով արդէն բոլոր մտահոգութիւնները բազմապատկուած են։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս այս շրջանին ինքնաբերաբար օրակարգի առաջնահերթութիւն դարձած է պոլսահայ վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ տոկունութեան հարցը։
Ուրեմն, Գումգաբուի մէջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ երէկ տեղի ունեցած ժողովի օրակարգին վրայ եկաւ այս խնդիրը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էր Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Մեր վարժարաններու մատակարար մարմիններու ներկայացուցիչները եւ ՀԱՅՃԱՐ-ի մասնագէտները նոյն հարթութեան վրայ եկան այս խորհրդակցութեան ընթացքին։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութեան խօսքէն վերջ, ՀԱՅՃԱՐ-ի ատենապետուհի Կիւլիւզար Արթուչ, Գէորգ Էօզգարակէօզ, Գարին Շէշէթեան եւ Այգուն Ճոշքուն խնդիրը մասնագիտական առումով բազմակողմանիօրէն ներկայացուցին համայնքային վարիչներուն։ Այս ընդհանուր քննարկումները ծաւալուեցան՝ ՀԱՅՃԱՐ-ի կողմէ նախապէս մեր վարժարաններու շէնքերուն տրուած այցելութիւններուն հիման վրայ։ Այստեղ խօսքը կը վերաբերի քորոնաժահրի համաճարակի նախորդած ժամանակաշրջանին կատարուած ուսումնասիրութիւններու։ Արդարեւ, Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը այդ ժամանակ երկրի բոլոր վարժարաններուն շրջաբերական մը ուղարկելով՝ պահանջած էր շէնքերու տոկունութեան վերաբերեալ տեղեկագրերու պատրաստութիւն։ Ծանօթ է, որ Ազգային կրթութեան նախարարութիւնը այս շրջանին ալ համապատասխան շրջաբերական մը հրապարակած է։ Համայնքային վարիչները եւ ՀԱՅՃԱՐ-ի պատասխանատուները երէկուան կարծիքի փոխանակումներու լոյսին տակ յանգեցան կարգ մը որոշումներու։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին մասնագիտական ընկերութիւններու կողմէ մեր վարժարաններու շէնքերը պիտի ենթարկուին տոկունութեան քննութեան եւ արդիւնքները ընդհանուր արժեւորումի պիտի ենթարկուին ՀԱՅՃԱՐ-ի եւ համայնքային վարիչներուն կողմէ։
Խորհրդակցութեան աւարտին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ընդգծեց, որ այս հարցին առընչութեամբ կատարուելիք հետազօտութիւնները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։ Իր խօսքով՝ բոլոր տեղեկագրերը պէտք է փութով պատրաստուին եւ համայնքային վարժարաններու պատասխանատուներու մասնակցութեամբ պէտք է արժեւորման ենթարկուին։
Երէկ որդեգրուած ճանապարհը կ՚ենթադրէ շուրջ մէկուկէս ամսուան աշխատանք մը։ Մինչ այդ, հարկ է յիշեցնել, որ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը վերջին օրերուն տեղեկացուցած էր, թէ պիտի հոգար համայնքային վարժարաններու շէնքերու տոկունութեան ստուգման նպատակով ձեռնարկուելիք քննութիւններուն ծախսերը։