ՔԵՐԻՄՕՂԼՈՒԻ ՀՐԱՒԷՐԸ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլուն։ Զրոյցին ընթացքին քաղաքապետը տեղեկացուց, թէ յառաջիկայ ամիս կը նախատեսեն կազմակերպել «Ներքին գործարաններու նուիրաբերման» մասին հաւաքոյթ մը, որուն պիտի մասնակցին նաեւ կրօնական առաջնորդներ։
Պիւլենտ Քերիմօղլու սոյն ժողովին մասնակցելու հրաւէր ուղղեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին, որ յիշեալ նիւթը պիտի մեկնաբանէ Հայ Եկեղեցւոյ տեսանկիւնէն։ Ընդհանուր Փոխանորդը յաջողութիւն մաղթեց կազմակերպչական աշխատանքներուն համար։ Քաղաքապետն ալ արտայայտեց իր երախտագիտութիւնը՝ Նորին Սրբազնութեան պատրաստակամ վերաբերմունքին բերումով։