«ՔԻՆՕ ՔՈՆԿ»Ի ԿԱԶՄԸ ԿԱՐՃԱԺԱՄԿԷՏ ԺԱՊԱՒԷՆՆԵՐ ՑՈՅՑ ՏՈՒԱՒ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նին մէջ վեր­ջերս «Քի­նօ քոնկ»ի կազ­մին կող­մէ կա­տա­րուե­ցաւ կար­ճա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէն­նե­րու ցու­ցադ­րու­թիւն մը։ Այս առ­թիւ դպրոց այ­ցե­լե­ցին «Քի­նօ Քոնկ»ի կազ­մէն Սար­գիս Փա­չա­ճը, Խա­չիկ Պայ­վեր­տեան եւ Մու­րատ Է­զէր։ «Հրա­չեայ Ա­ճա­ռեան» դահ­լի­ճի եր­դի­քին տակ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ դպրո­ցի լի­սէի եւ միջ­նա­կար­գի բա­ժին­նե­րու տնօ­րէ­նու­հի­նե­րը՝ Թա­լին Մա­թո­սօղ­լու եւ Ժա­նէթ Ներ­կիզ։

Ա­շա­կերտ­նե­րը ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան կար­ճա­ժամ­կէտ ժա­պա­ւէն­նե­րուն, ո­րոնց ներ­կա­յաց­ման ա­ւար­տին ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ զրու­ցե­ցին Սար­գիս Փա­չա­ճըի եւ Խա­չիկ Պայ­վեր­տեա­նի հետ։

Ձեռ­նար­կի ա­ւար­տին Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քին ա­նու­նով հիւ­րե­րուն յանձ­նուե­ցան ծաղ­կե­փուն­ջեր։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015