ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԸՆԹԵՐՑՄԱՆ ՏՕՆ

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­ռա­ջին դա­սա­րա­նի փոք­րիկ­նե­րուն ըն­թերց­ման տօ­նը։ Ներ­կայ կրթա­կան շրջա­նի ար­դէն վեր­ջըն­թեր ժա­մա­նա­կա­հա­տուա­ծին մէջ կազ­մա­կեր­պուած այս հան­դի­սու­թիւ­նը մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծեց դպրո­ցէն ներս։ Թա­ղի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Իլգ­գան» սրա­հի եր­դի­քին տակ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­ւա­քոյ­թը, ո­րուն ներ­կայ գտնուե­ցան Թոփ­գա­բուի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պե­տու­հի Մո­նիք Եր­կա­նեան եւ  իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեան, ու­սուց­չաց կազ­մը, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Ու­սուց­չու­հի­ներ՝ Գա­րօ­լին Թե­մի­րի, Նա­յի­րա Ա­լա­չա­մի եւ Նի­հալ Տուր­մա­զի կող­մէ պատ­րաս­տուած էր օ­րուան յայ­տա­գի­րը։ Փոք­րիկ­նե­րուն բո­լոր ե­լոյթ­նե­րը ար­ժա­նա­ցան ջերմ ծա­փող­ջոյն­նե­րու, մինչ ա­նոնք ստա­ցան ի­րենց ա­ռա­ջին վի­ճա­կա­ցոյց­նե­րը։

Տնօ­րէ­նու­հի Ա­նի­թա Թու­մա­յեանն ալ հան­դէս ե­կաւ փոք­րիկ­նե­րուն ուղ­ղեալ շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը, գնա­հա­տե­լով նաեւ Ըն­թերց­ման տօ­նը կազ­մա­կեր­պած կրթա­կան մշակ­նե­րուն կող­մէ տա­րուած աշ­խա­տան­քը։

Շաբաթ, Ապրիլ 18, 2015