ԱՂՕԹԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՄՏԵՐՄԻԿ ՕՐ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ ե­զա­կի օր մը։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին կող­մէ քա­ղաքս հրա­ւի­րուած Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան դպրե­վան­քի «Ար­մաշ» երգ­չա­խում­բը եւ ի­րեն ըն­կե­րա­կից միա­բան­նե­րը մաս­նակ­ցե­ցան կի­րակ­նօ­րեայ Ս. Պա­տա­րա­գին։ Այս առ­թիւ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը շատ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լեց միա­բան հայ­րերն ու երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը։ Բա­ռին բուն ի­մաս­տով ա­ղօ­թակ­ցու­թեան մտեր­միկ օր մը ապ­րուե­ցաւ, ինչ որ ան­մո­ռա­նա­լի կը դառ­նայ բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րու յի­շո­ղու­թեան մէջ։

Ե­րէկ ա­ռա­ւօտ Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղե­ցին լե­ցուն էր հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու խուռ­նե­րամ բազ­մու­թեամբ։ Ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց, պա­տա­րա­գեց եւ քա­րո­զեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Ներ­կայ էին Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան դպրե­վան­քի տե­սուչ Տ. Թոր­գոմ Վրդ. Տօ­նո­յեան, Ան­թի­լիա­սի միա­բա­նու­թե­նէն Տ. Պօ­ղոս Վրդ. Թինք­ճեան, Տ. Գա­րե­գին Վրդ. Շխրտմեան, Տ. Յո­վա­կիմ Ա­բե­ղայ Բան­ճար­ճեան, Տ. Զա­ւէն Ա­բե­ղայ Նա­ճա­րեան, Տ. Ար­տա­ւազդ Ա­բե­ղայ Շա­ռո­յեան, ինչ­պէս նաեւ տեղ­ւոյն հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան։

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ե­կե­ղեց­ւոյ սար­կա­ւագ­նե­րուն ա­ռըն­թեր, Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին նաեւ հիւր խում­բէն սար­կա­ւագ­ներ եւ ժա­ռան­գա­ւոր սա­ներ։

Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուե­ցան Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ատ­րու­շան Սրկ. Հա­լա­ճեա­նի եւ եր­գե­հո­նա­հա­րու­թեամբ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի։

Յա­ւարտ Ս. Պա­տա­րա­գի տե­ղի ու­նե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն, ո­րու ըն­թաց­քին ո­գե­կո­չուե­ցաւ նաեւ թա­ղի վար­ժա­րա­նի բա­րե­յի­շա­տակ հիմ­նա­դի­րը՝ Զե­նոբ է­ֆէն­տի Մէ­րա­մէթ­ճեան։

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Ա­լա­ճա­ճեան» սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան։

Բա­ռին բուն ի­մաս­տով ըն­տա­նե­կան հա­ւա­քոյթ մըն էր այս մէ­կը։ Հո­գե­ւոր հայ­րե­րը, հիւր երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, Վար­դա­նանց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, Ֆէ­րի­գիւ­ղի թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէ­րի, Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան եւ այլ հիւ­րեր հա­մախմ­բուե­ցան տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ սար­քուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ։ Ստեղ­ծուե­ցաւ ան­մի­ջա­կան մթնո­լորտ։ Տ. Թոր­գոմ Վրդ. Տօ­նո­յեան յու­շա­նուէր­ներ յանձ­նեց Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րը­նին, Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէ­րին, Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեա­նին, ո­րոնք նպաս­տած էին այս այ­ցե­լու­թեան ծրագ­րին։

Տ. Թոր­գոմ Վրդ. Տօ­նո­յեան յու­շա­նուէր մը յանձ­նեց նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ օ­րա­թեր­թի գլխա­ւոր խմբա­գիր Ա­րա Գօ­չու­նեա­նին, որ այս առ­թիւ հան­դէս ե­կաւ սրտի խօս­քով մը։

Ա­ւե­լի վերջ Տ. Թոր­գոմ Վրդ. Տօ­նո­յեան յու­շա­նուէր մը յանձ­նեց նաեւ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նին եւ շեշ­տեց ա­նոր ան­փո­խա­րի­նե­լի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ ի­րենց ու­ղե­ւո­րու­թեան կազ­մա­կերպ­ման գծով։ Ան­թի­լիա­սի դպրե­վան­քի տե­սու­չը բո­լոր ներ­կա­նե­րուն հա­մակ­րան­քին ար­ժա­նա­ցաւ իր ան­մի­ջա­կան ո­ճով եւ ան­կեղծ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով։ Ա­ւե­լի վերջ ար­տա­յայ­տուե­ցաւ նաեւ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Եր­կու հայր սուր­բե­րը փո­խա­նա­կե­ցին յու­շա­նուէր­ներ։ Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քին կող­մէ հիւր միա­բան­նե­րուն հա­մար պատ­րաս­տուած յու­շա­նուէր­ներն ալ յանձ­նուե­ցան ձե­ռամբ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեա­նի։ Սի­րոյ սե­ղա­նը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Կի­լի­կեան Ա­թո­ռի Օրհ­ներ­գի եր­գե­ցո­ղու­թեամբ։

Հարկ է նշել, որ «Ար­մաշ»ի ան­դամ­նե­րը ե­րէկ նա­ւապ­տոյտ մըն ալ կա­տա­րե­ցին Վոս­փո­րի վրայ եւ այս­պէ­սով եզ­րա­փա­կուե­ցաւ ի­րենց Իս­թան­պուլ այ­ցե­լու­թեան ծրա­գի­րը։ Ա­նոնք ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն հրա­ժեշտ ա­ռին քա­ղա­քէս վե­րա­դառ­նա­լու հա­մար Պէյ­րութ։ 

Երկուշաբթի, Ապրիլ 18, 2016