ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ «ԱՐՄԱՇ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ՓԱՅԼՈՒՆ ՀԱՄԵՐԳՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ
Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի 82-րդ գահակալը՝ հոգելոյս Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան շաբաթավերջին ոգեկոչուեցաւ իր վախճանման 25-րդ տարելիցին առթիւ։ Այս առթիւ Պատրիարքական Աթոռի հովանաւորութեան ներքեւ ան վերյիշուեցաւ փառաշուք ձեռնարկով մը, որ Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս, Ս. Որդւոց Որոտման տաճարի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւնը, որուն նախագահեց Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Հոգելոյս Պատրիարքի ոգեկոչման համար կազմակեպուած էր հոգեւոր փայլուն համերգ մը, որու ծրագիրը գործադրուեցաւ յաջողութեամբ։ Շնորհք Պատրիարքի վախճանման 25-րդ տարելիցին առթիւ յատուկ պատգամ մը ուղարկած էր Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը։ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրվեանքի «Արմաշ» երգչախումբն ալ հանդէս եկաւ խորապէս տպաւորիչ եւ անմոռանալի համերգով մը։
Ընդհանուր Փոխանորդի կողքին երեկոյթին մասնակցեցան Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, յանուն Վեհափառ Հայրապետին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն ժամանած պատուիրակութեան անդամները՝ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան, Տ. Պարթեւ Վրդ. Բարսեղեան եւ Տ. Ռուբէն Վրդ. Զարգարեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի տեսուչ Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան, Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պոլսոյ Աթոռի վեղարաւոր հայրերը, քահանայից դասը։ Ձեռնարկի մասնակիցներու շարքին էին Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան եւ համայնքային շրջանակներէն բազում ծանօթ դէմքեր, ինչպէս նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու։ Հարկ է նշել, որ «Արմաշ» երգչախումբի այցելութեան բոլոր ծախսերը դիմագրաւուած էին Պետրոս Շիրինօղլուի կողմէ կատարուած նուիրատուութեամբ։
Ոգեկոչման երեկոյթի հանդիսավարն էր Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որ հաղորդական ոճով մը կատարեց այդ պաշտօնը։ Յայտագրի սկիզբին Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեան ընթերցեց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ փոխանցուած պատգամը։ Ապա Կրօնական Ժողովի անդամներէն Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան ծաւալուն ելոյթով մը հանդէս եկաւ վախճանեալ Շնորհք Պատրիարքի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ։ Սրտի խօսքեր արտասանեցին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան եւ «Մարմարա» օրաթերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան։
Այս խօսքերէն վերջ սկսաւ յայտագրի երաժշտական բաժնին գործադրութիւնը։ Նախ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի «Արմաշ» դպրաց խումբը հոգեւոր երգերու փունջ մը ներկայացուց՝ խմբավարութեամբ Էտվին Սրկ. Կալիպեանի։
Յայտագրի երկրորդ բաժինը ամբողջութեամբ յատկացուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին։ Այս բաժնի սկիզբին Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեան հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը։ Աւելի վերջ Կիլիկեան Աթոռի դպրեվանքին «Արմաշ» երգչախումբը ներկայացուց հոգեւոր երգեր՝ Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեանի խմբավարութեամբ։ Ասմունքներով համեմուած ծրագիր մը գործադրուեցաւ «Արմաշ»ին կողմէ ու ներկաներուն համար իսկապէս եզակի հաճոյք մըն էր հետեւիլ անոր հեշտալուր կատարումներուն։
Երեկոյթի եզրափակիչ հանգրուանին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդէս եկաւ գնահատանքի խօսքով մը։ Նորին Սրբազնութիւնը այս առթիւ մասնաւոր գրութիւն մը պատրաստած էր՝ արտայայտելու համար իր խորին երախտագիտութիւնը Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ։ Այդ գրութիւնը ընթերցուեցաւ եւ յանձնուեցաւ Տ. Գէորգ Եպսկ. Սարոյեանին՝ որպէսզի փոխանցէ Նորին Սրբութեան։ Ապա Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բարձր գնահատեց ոգեկոչման հանդիսութեան կազմակերպիչները եւ բոլոր անոնք, որոնք ներգրաւուած էին յայտագրին մէջ։ Ընդհանուր Փոխանորդը բարձր գնահատանքով արտայայտուեցաւ նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբին մասին։ Ի յիշատակ Իսթանպուլի մէջ կազմակերպուած այս յատկանշական համերգին՝ Ընդհանուր Փոխանորդը յուշանուէր մըն ալ յանձնեց հաստատութեան տեսուչին՝ Տ. Թորգոմ Վրդ. Տօնոյեանին։
Ընդհանուր Փոխանորդի խօսքէն վերջ կատարուեցաւ նկարահանում եւ միաբերան երգուած Տէրունական աղօթքով երեկոյթը հասաւ իր աւարտին։
Աւելի վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին ներկաները առիթն ունեցան շնորհաւորելու երկու «Արմաշ»ներու անդամները, որոնց ներկայացուցած այս հոգեւոր համերգը իսկապէս առանձնացաւ իր որակով ու մակարդակով։
Միւս կողմէ, երէկ մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի կատարուեցան հոգեհանգստեան պաշտօններ՝ Շնորհք Պատրիարքի վախճանման 25-րդ տարելիցին առթիւ։