ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Ներկայ էր նաեւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Զրոյցի ընթացքին թաղականները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ուշադրութեան յանձնեցին, որ թաղային խորհուրդի դիւանին մէջ տեղի ունեցած էր փոփոխութիւն մը։ Այսպէս, բազմամեայ ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու իր հերթը փոխանցած է տքթ. Արա Էրոլ Չընարի, որ եւս երկար տարիներէ ի վեր մաս կը կազմէ թաղային խորհուրդին, նաեւ թաղի վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչն է։ Հապիպ Էօզֆուրունճու մօտաւոր անցեալին բաւ համարած էր իր պաշտօնավարութիւնը՝ որպէս ատենապետ եւ թաղային խորհուրդի կազմին մէջ մնալով հանդերձ որոշած էր ատենապետութեան հերթը փոխանցել։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ թաղային խորհուրդն ալ միաձայնութեամբ ատենապետի պաշտօնին կոչած էր Արա Էրոլ Չընարը։ Երէկուան հանդիպման ընթացքին նոր ատենապետը ստացաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը։ Զրոյցի տեւողութեան թաղականները ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը եւ ծրագիրները։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան եւ դիւանի փոփոխութեան հարթ անցումի կազմակերպման կապակցութեամբ։ Ան իր օրհնութիւնը տուաւ բոլոր թաղականներուն, որոնց մաղթեց յաջողութիւն եւ կարողութիւն իրենց աստուածահաճոյ եւ կրթանուէր գործունէութեանց մէջ։ 

Հինգշաբթի, Ապրիլ 18, 2024