ԷՍԱԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ
Էսաեանի ընտանիքը շաբաթավերջին համակուած էր տօնական տրամադրութեամբ։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս շրջանաւարտից օրը անցաւ խրախճանքի մը մթնոլորտին մէջ։ Էսաեանցիներու հաւաքը այս տարի արտասովոր ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ, որովհետեւ զուգադիպեցաւ վարժարանի հիմնադրութեան 120-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Վարժարանի մէջ ապրուեցաւ սերունդներու մեծ տողանցք մը եւ բոլոր էսաեանցիները բաժակի օրուան տօնական տրամադրութեամբ կրկնեցին իրենց անփոփոխ մաղթանքը՝ պատմական կրթօճախի յարատեւութեան համար։
Ըստ ընկալեալ սովորութեան, էսաեանցիներու բաժակի օրուան հաւաքոյթը սկսաւ վարժարանի սրահին մէջ գործադրուած յայտագրով։ Ներկայ էին Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ, Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պեռնար Սարըպայ, Թրքահայ Ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենադպիր Արամ Գամպուրեան եւ այլ բազմաթիւ հիւրեր ու շրջանաւարտներ, որոնք դպրոցի պատասխանատուներուն կողմէ հիւրընկալուեցան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ։