Շաբաթ 23, Նոյեմբեր 2024
ԽՄԲԱԳՐԱՏԱՆՍ ՄԷՋ ՀԻՒՐ
Ֆրանսացի լրագրող Թոմաս Վալիւ անցեալ շաբթուան մէջ այց մը տուաւ Իսթանպուլ։ Իր կեցութեան օրերուն ան այցելեց նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը, ուր տեղեկութիւններ քաղեց թրքահայ համայնքային կեանքին, անոր առաջնահերթութիւններուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ վերջին շրջանին կեանքի կոչուած բարեփոխումներու դրական արդիւնքին կապակցութեամբ։
Հարկ է նշել, որ Թոմաս Վալիւ քրիստոնեայ Արեւելքի վերաբերեալ հեղինակային հաղորդումներ կը պատրաստէ «France 2» հեռուստակայանին համար՝ հաւատի, յոյսի եւ աւանդութեան կարգախօսով։
Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2015