ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՄԷՋ ՋԵՐՄ ԶՐՈՅՑ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի քաղաքապետարանի վերանորոգեալ շէնքին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։ Հաւաքոյթին հրաւիրուած էր նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։
Պաշտօնական ճառերէն վերջ, Էրտողանի գլխաւորութեամբ պատուոյ հիւրերը միասնաբար հատեցին վերանորոգեալ պատմական շէնքի մուտքին պարզուած խորհրդանշական կարմիր ժապաւէնը։ Նորին Սրբազնութիւնն ալ մասնակցութիւն բերաւ այս հանգրուանին, որու աւարտին Էրտողան եւ պատւոյ հիւրերը շրջայց մըն ալ կատարեցին շէնքէն ներս եւ տեղեկութիւններ ստացան կատարուած աշխատանքին շուրջ։
Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս հանգրուանին առիթն ունեցած է կարճատեւ զրուցելու Էրտողանի հետ, որ իր ողջոյնները յղած է մեր համայնքի անդամներուն։