ՏԱՏԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՕՐԸ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը խանդավառ շաբաթավերջ մը ապրեցաւ թաղի Տատեան վարժարանի երէկուան շրջանաւարտից օրուան առթիւ։ Այսպէս, երէկ յետմիջօրէին Տատեան վարժարանի պարտէզին մէջ ստեղծուեցաւ տօնական մթնոլորտ։ Շրջանաւարտից օրուան ներկայ գտնուեցան թաղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեան, Պաքըրգիւղի թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտէմիր եւ իր ընկերները, Տատեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արսէն Արշըք, տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, կրթական մշակներ եւ յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ։ Զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ համախմբուած էին դպրոցի պարտէզին մէջ։ Տատեանցիներու ուրախութիւնը բաժնելու փութացած էր նաեւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետ Պիւլենտ Քերիմօղլու։
Օրուան յայտագիրը գործադրուեցաւ ուսուցչուհի Մարալ Պաթարի հանդիսավարութեամբ։ Ելոյթ մը ունեցաւ Ալիս Պայրամ, որ խօսեցաւ դպրոցի նոր շէնքի շինարարութեան հասած հանգրուանին շուրջ։ 25-ամեայ եւ 40-ամեայ շրջանաւարտները մեծարուեցան Տատեանի ընտանիքին կողմէ՝ իրենց համար պատրաստուած կարկանդակով մը։ Յոբելեար շրջանաւարտներուն անունով սրտի խօսք արտասանեցին Լենա Գալայճըօղլու եւ Շահնուր Գազանճը։
Յուշապնակներ յանձնուեցան վարժարանի վաստակաւոր ուսուցչուհիներէն Նատիա Թէքիրօղլուի եւ Ծաղիկ Չոլաքի։
Արտասահմանէն ընթացաւարտներ ալ մասնակցեցան հաւաքոյթին, որու ընթացքին տատեանցիները ողջունեցին Քոսթանօղլու ընտանիքի ներկայացուցիչները, որոնք երեք սերունդէ ի վեր անընդմէջ յաճախած են Տատեան վարժարան։ Անոնց անունով սրտի խօսք մը արտասանեց Ժագլին Քոսթանօղլու։
Յայտագրին տեւողութեան իրենց ելոյթներով ծափահարութիւններու արժանացան դպրոցի սաներէն Քամի Իւլիւթաշ, Թարա Խորազակեան, Առէն Սիւմէր եւ Սարին Իչ։ Բաց աստի, պարուսոյց Նարօտ Կիւլէչի մականին ներքեւ պատրաստուած աշակերտական խումբը ներկայացուց շարք մը ժողովրդական պարեր։
Հանդիսութեան տեւողութեան գործադրուեցաւ երաժշտական յայտագիր եւ տատեանցիները լիուլի ապրեցան իրարու հետ համախմբուելու երջանկութիւնը։