ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԵՒՐՈՊԱՑԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՇԱԿՆԵՐ

Դպրո­ցա­կան կրթու­թեան ռազ­մա­վա­րա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը հան­դի­սա­ցող «Է­րաս­մուս+» ծրա­գի­րին «Ռ€ԻՆԿ» նա­խա­գի­ծը, որ կ՚ըն­թա­նար տար­բեր եր­կիր­նե­րէ վար­ժա­րան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ու Եւ­րո­պա­կան Միու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, մէ­կու­կէս տա­րուան աշ­խա­տան­քէ մը վերջ եզ­րա­փա­կեց իր աշ­խա­տան­քը՝ Բան­կալ­թըի Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ քա­ղա­քիս մէջ կա­յա­ցած հա­ւա­քոյ­թով մը։ Նոր­վե­կիա­յէ, Ֆրան­սա­յէ, Ի­տա­լիա­յէ, Փոր­թու­գա­լէ, Սկով­տիա­յէ ու Լիթ­վա­նիա­յէ կրթա­կան մշակ­ներ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ մաս­նակ­ցե­ցան զա­նա­զան ժո­ղով­նե­րու եւ աշ­խա­տա­նոց­նե­րու, ո­րոնց­մէ մէկն ալ մաշ­տո­ցեան տա­ռե­րով կար­գա­խօս մը գրելն էր, զոր կա­տա­րե­ցին յա­ջո­ղու­թեամբ։

Հիւ­րե­րը ա­ռիթն ու­նե­ցան նաեւ շրջե­լու քա­ղա­քիս պատ­մա­կան ու տե­սար­ժան վայ­րե­րը, ինչ­պէս՝ Իշ­խա­նաց կղզի­նե­րը, Ա­յա Սո­ֆիա­ն ու շրջա­կայ­քը, Վոս­փորն ու Պէ­յօղ­լուն։

Դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով ա­նոնք հրա­ժեշտ տուին Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին ու քա­ղա­քիս՝ նոր նա­խա­գի­ծե­րու մէջ վերս­տին միաս­նա­բար աշ­խա­տե­լու ակն­կա­լու­թեամ­բ։

Չորեքշաբթի, Մայիս 18, 2016