ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Եշիլգիւղի վարժարանի 2017-2018 կրթական շրջանի տարեվերջի հանդէսը երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ առիթ հանդիսանալով մեծ խանդավառութեան։ Պաքըրգիւղի քաղաքապետութեան առընթեր «Լէյլա Կենճէր» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ իր ընկերները, Եշիլգիւղի ընտանիքէն պատասխանատուներ, դպրոցի ուսուցչական կազմը, ծնողներ եւ հիւրեր։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ ուսուցչուհի Անի Գալայլըի։ Ելոյթներով հանդէս եկան վարժարանի տնօրէն Մելիքճան Զաման, հիմնադրի ներկայացուցիչ Էրօլ Արա Չընար եւ փոխ-տնօրէնուհի Սեւիմ Աքպըյըք։ Տնօրէն Մելիքճան Զաման ելոյթի ժամանակ բեմ հրաւիրեց այս տարուան շրջանաւարտները, որոնց ուղղեց շնորհաւորութիւններ եւ գնահատանք։ Յայտագրին մասնակցութիւն բերին դպրոցի գրեթէ բոլոր դասարաններէն աշակերտներ։ Տղաքը ներկայացուցին պարեր, խմբերգներ, արտասանութիւններ եւ այլ ելոյթներ։ Յայտագրի երաժշտական բաժինը վերահսկած էին Անէթ Օպափընար եւ Արթիւր Պաղտասարեան։ Պարերու բաժինն ալ վերահսկուած էր Թամար Եաշկիւչլիւքալի, Չաղլա Էրքուլի եւ Յակոբ Կիւլէչի կողմէ։

Երեկոյթի աւարտին բոլոր ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին աշակերտներուն կողմէ արձանագրուած յաջողութիւնը։

Ուրբաթ, Մայիս 18, 2018