ԱՆԿԻՒՆԱԴԱՐՁ

Շաբաթավերջին համայնքի օրակարգը յանկարծ յեղաշրջուեցաւ Էսաեան վարժարանի վերաբերեալ լուրերով։ Այսպէս, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը առաւ զգայացունց որոշում մը, որ կայծակնային արագութեամբ տարածուեցաւ համայնքէն ներս։ Այսպէս, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ յառաջիկայ օգոստոսին հրաժեշտ պիտի տան իրենց պաշտօններուն։ Այս իրադարձութիւնը ցնցած է պոլսահայ կրթական համակարգն ու Էսաեանի մեծ ընտանիքը՝ քանի որ երկու տնօրէնուհիներն ալ միշտ գնահատուած են իրենց յաջող գործունէութեամբ։​

Սաթենիկ Նշան 35 տարիէ ի վեր անընդհատ այս առաքելութեան գլուխն էր ու դարձած՝ կայունութեան եւ նուիրումի խորհրդանշան մը, հայ դպրոցի ծառայութեան ախոյեան մը։ Իր մականին ներքեւ Էսաեան վարժարանը յարատեւ վերելք արձանագրած էր բոլոր ուղղութիւններով։ Առլին Եշիլթեփէ​ եւս նոյն ոգիով ծառայութիւն մատուցած էր՝ իր հերթին բաւական երկար շրջան մը։ Ան ալ անսակարկ​ ներդրումը բերած էր դարաւոր վարժարանի պայծառութեան համար։​

Մինչ այդ, ընկերային ցանցերու վրայ անմիջապէս շրջանառութեան մէջ դրուած են կոչեր, որպէսզի Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը վերատեսութեան ենթարկէ իր որոշումը։ Այս իրադարձութեան վերաբերեալ համայնքային շրջանակներու լարուած ուշադրութեան մթնոլորտին մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանն ալ նամակ մը ուղարկեց Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին։ Յարակից սիւնակին մէջ նոյնութեամբ կը ներկայացնենք Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր այս գրութիւնը։

Ի՞ՆՉ Կ՚ԸՍԷ ՉԵՔԷՄ

Միւս կողմէ, երէկ զրուցեցինք իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի հետ, որ կը գլխաւորէ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը։ Ամփոփ գիծերու մէջ ան մեզի յայտնեց, որ երկու տնօրէնուհիներուն կողմէ ցայսօր տարուած աշխատանքը ստորագնահատելի նպատակ չեն հետապնդեր։ Պէյօղլուի թաղային խորհուրդը այժմ կը ձգտի իր տնօրինած միջոցներով նոր ոստում մը ապահովել Էսաեան վարժարանին համար։ Այս մտադրութենէն տեղեակ եղած են նաեւ տնօրէնուհիները։ Յամենայնդէպս, այս նոր որոնումներու պարագային՝ թաղային խորհուրդի արժեւորումով անխուսափելի դարձած է ճամբաբաժան մը։ Նման իրավիճակներու մէջ հասկնալիօրէն կը յառաջանան զգացական պոռթկումներ, սակայն այդ պոռթկումներու տրամաբանութիւնով անկարելի է հաստատութեան մը համար ապագայ պատրաստել։ Ուստի, Սիմոն Չեքէմ յայտնեց, որ թաղային խորհուրդը կը մնայ անդրդուելի ու կ՚ընթանայ յառաջ՝ գերադասելով դպրոցի վերելքը։

Միւս կողմէ, Սիմոն Չեքէմ ցաւ յայտնեց, որ համայնքէն կարգ մը շրջանակներ այս իրադարձութիւնը կը շահագործեն Պէյօղլուի թաղային խորհուրդի վերաբերեալ իրենց հաշիւները յառաջ տանելու համար եւ տնօրէնուհիներու պարագային առնուած որոշումն ալ կը չարաշահեն, իբրեւ պատրուակ կ՚օգտագործեն իրենց նպատակներու ճանապարհին։

Հուսկ, ան մեզի յայտնեց, որ թաղային խորհուրդը կը նախատեսէ յառաջիկայ օրերուն յայտարարութիւնով մը հանդէս գալ այս նիւթին շուրջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 18, 2020