ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՀԱՅՈՑ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՄՐՑՈՅԹԻ ՄԸ ՄԷՋ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Եշիլգիւղի հայոց վարժարանի սաները վերջերս փայլուն յաջողութեան մը հասած են «Robotex Turkey 2021» մրցոյթին մէջ։ Սա ձեռներէցութեան ծրագիրներու միջազգային մրցոյթն է։

Դպրոցի Զ. դասարանի սաներէն Միլա Տեւեճեան եւ Քրիս Էօզհալլաճեան այս մրցոյթին ներկայացուցած են իրենց «Unipsiko» ծրագիրը՝ ուղեցոյց ուսուցչուհի Աղաւնի Տուրասլանի վերահսկողութեան ներքեւ։ 680 միջվարժարանային խումբերու շարքին այս նախագիծը դասուեցաւ Թուրքիոյ առաջինը։

Դպրոցի Է. դասարանէն Նիքոլ Թաշճեան, Այգուն Ներսէսեան եւ Սեւակ Իւչքարտէշն ալ «Հակաճառագայթման պաշտպանութիւն» կոչուած ուրիշ նախագիծով մը մասնակցեցան մրցոյթին՝ ուղեցոյց ուսուցչուհի Այլին Ճըրլըի մականին ներքեւ։ Այս նախագիծն ալ դասուեցաւ Թուրքիոյ երրորդը։

Այսպէսով Եշիլգիւղի հայոց վարժարանի աշակերտները յառաջիկայ շրջանին «Robotex International»ի եզրափակիչ փուլին պիտի մասնակցին՝ որպէս Թուրքիոյ ներկայացուցիչները։ Անոնք այս նպատակով պիտի մեկնին Էսթոնիա։

«Robotex Turkey»ը Թուրքիոյ մէջ մեծածաւալ գիտական աշխատանք կը տանի։ Ան կը ներկայացնէ «Robotex International Talinn»ը, որու շնորհիւ աշխարհի բազում երկիրներէ ճարտարագէտներ, մեծ ընկերութիւններու կառավարիչներ կը մէկտեղուին՝ ներշնչուելու համար փորձագիտական վերջին նորութիւններէն, նաեւ ուսումնասիրելու համար նոր ծրագրերու շուրջ մտայղացումներ։

Եշիլգիւղի վարժարանի աշակերտներուն այս նուաճումը իսկապէս արժանի է բարձր գնահատանքի։ Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք զիրենք եւ իրենց ուղեցոյց կրթական մշակները, որոնց յաջողութիւն կը մաղթենք Էսթոնիայի մէջ նախատեսուած եզրափակիչ փուլին։

Երեքշաբթի, Մայիս 18, 2021