ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Մեր ընթերցողներուն ուրախութեամբ կը տեղեկացնենք, թէ թերթիս վաղեմի աշխատակից Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի դարմանումը դրական հունի մը մէջ կը շարունակուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի երդիքին տակ։ Նկատի ունենալով, որ տէր հայրը միջոցէ մը ի վեր ստիպողաբար դադրեցուցած է իր ամենօրեայ աշխատակցութիւնը, իր սիւնակի սիրահար մեր ընթերցողները շաբաթներէ ի վեր կարօտցած են զինքը ու զուգահեռաբար մտահոգութեան մատնուած՝ իր առողջական վիճակին համար։ Երէկ, առիթն ունեցանք կարճ հեռախօսազրոյց մը ունենալու Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանի հետ։ Յարաբերաբար առոյգ ձայնով մը ան զրուցեց մեզի հետ՝ տեղեկացնելով, որ կազդուրման գործընթացը կը շարունակուի։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցէ ներս մասնագիտական ամէն տեսակ խնամք կը ցուցաբերուի տէր հօր նկատմամբ։ Իրեն համար նախատեսուած դարմանումին զուգահեռ՝ ան սկսած է աստիճանաբար յաղթահարել նաեւ գերյոգնածութեան հետեւանքները։ Տէր հայրը կամաց-կամաց սկսած է ոտքի կանգնիլ եւ քալել։ Իր ընդհանուր կացութիւնը կայուն է եւ կազդուրման գործընթացի շարունակութեան համար կան լաւատեսութեան բոլոր հիմքերը։

Հեռախօսազրոյցի աւարտին Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեան մեզմէ խնդրեց իր ընթերցողներուն փոխանցել օրհնութիւններն ու ողջոյնները՝ յոյս յայտնելով, թէ պիտի վերականգնուին ամենօրեայ ժամադրութիւնները։

Այս առթիւ մենք եւս հերթական անգամ կատարեալ առողջութիւն կը մաղթենք մեր շատ սիրելի Տ. Մաշտոց Քհնյ. Գալփաքճեանին։

Երեքշաբթի, Մայիս 18, 2021