«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ «ՔԻՒԼԹԻՒՐ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը երէկ երեկոյեան յաջող ելոյթով մը հանդէս եկաւ Իսթանպուլի «Քիւլթիւր» համալսարանի համալիրէն ներս։ Հարկ է նշել, որ այս տարի սոյն համալսարանին նախաձեռնութեամբ արդէն իններորդ անգամ կազմակերպուած է պարի փառատօն մը, որ գեղարուեստասէր շրջանակներու անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ։ Հիւրընկալ համալսարանի «Աքընկիւչ» ամփիթատրոն-գեղարուեստական կեդրոնի բեմին վրայ «Մարալ» համոյթը գեղարուեստասէրներուն ներկայացաւ՝ արժանանալով բոլորի ծափահարութիւններուն։ Քսանութ տարբեր համալսարանէ պարախումբեր մասնակցութիւն բերին այս փառատօնին, որու եզակի փուլերէն մին հանդիսացաւ «Մարալ»ի ելոյթը։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի մականին ներքեւ, համոյթը գործադրեց շուրջ 20 վայրկեաննոց յայտագիր մը, որու ընթացքին հանդիսատեսին մատոյց հայկական ժողովրդական պարերէն փունջ մը։ Հարկ է նշել, որ այդ պարերը կը համարուէին բաւական ներկայացուցչական՝ հայկական ժողովրդական գեղարուեստին տեսակէտէ ընդհանուր պատկերացում մը ստեղծելու առումով։

«Մարալ»ի ելոյթի աւարտին բոլորը ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին համոյթի երիտասարդները, որոնք իսկապէս գերազանց յաջողութեամբ հանդէս եկան՝ հերթական անգամ ոչ-հայկական միջավայրի մը մէջ ծանօթացնելով ժողովրդական պարեր։

Շաբաթ, Մայիս 18, 2024