ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԲԱԺՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐԸ

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­նա­կար­գի բաժ­նի այս տա­րուան շրջա­նա­ւարտ­նե­րուն հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ներ­կայ էին Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան, Է­սաեան վար­ժա­րա­նի զոյգ տնօ­րէ­նու­հի­նե­րը՝ Սա­թե­նիկ Նշան եւ Առ­լին Ե­շիլ­թէ­փէ, Պէ­յօղ­լուի Ս. Ե­կե­ղե­ցեաց թա­ղա­յին խոր­հուր­դէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Մինչ բո­լո­րը ո­գե­ւո­րու­թեամբ հե­տե­ւե­ցան ձեռ­նար­կի յայ­տագ­րին, շրջա­նա­ւարտ­նե­րը ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու մթնո­լոր­տին մէջ ստա­ցան ի­րենց վկա­յա­կան­ներն ու յու­շա­նուէր­նե­րը։ Է­սաեա­նի ըն­տա­նի­քէն դէմ­քեր հան­դէս ե­կան շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քե­րով եւ ա­պա­գա­յի ուղ­ղեալ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­նե­րով։

Ընթ­րի­քի ա­ւար­տին տղոց հա­մար հա­տուե­ցաւ կար­կան­դակ մը եւ շրջա­նա­ւարտ­նե­րը հա­ճե­լի ժա­մանց ու­նե­ցան՝ միաս­նա­բար տօ­նախմ­բե­լով ի­րենց կրթա­կան կեան­քի հանգ­րուան­նե­րէն մին ա­ւար­տած ըլ­լա­լու ու­րա­խու­թիւ­նով։

Շաբաթ, Յունիս 18, 2016