ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը։ Ներկայ էին Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան եւ միջեկեղեցական յարաբերութիւններու պատասխանատու Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։ Գերապայծառին ընկերացան Հայր Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Հայր Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրատեան եւ Յակոբ Սրկ. Մինասեան։

Սիրալիր զրոյցի ընթացքին Զեքիեան Գերապայծառ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր շնորհակալութիւն յայտնեց՝ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքի վախճանման առթիւ ցուցաբերած վերաբերմունքին եւ ուղարկած ցաւակցականին համար։ Երկու հոգեւոր առաջնորդները կարծիքներ փոխանակեցին եկեղեցական եւ համայնքային կեանքի զանազան նիւթերուն շուրջ։

Զեքիեան Գերապայծառ Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց օրինակ մը՝ իտալերէնի թարգմանուելով հրատարակուած իր աշխատութիւններէն մէկուն։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց թէ՛ այցելութեան եւ թէ իրեն նուիրուած գիրքին համար՝ կրկին ընդգծելով ցաւակցութիւնները Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարքի վախճանման կապակցութեամբ։

Հրաժեշտի պահուն երկու հոգեւոր առաջնորդները եղբայրաբար բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին։

Միւս կողմէ, նոյնպէս երէկ, դաւանակից Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիէն խումբ մը այցելեց Պատրիարքարան՝ գլխաւորութեամբ Տ. Մարկոս Քհնյ. Ֆաւզիի։ Հանդիպման ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր կողքին էր Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։ Հիւր քահանան Նորին Ամենապատուութեան փոխանցեց Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Թաւատրոս Պատրիարքի ողջոյնները։ Հանդիպման ընթացքին խումբի անդամները հնարաւորութիւն ունեցան տարրական պատկերացում մը կազմելու Պատրիարքական Աթոռի առաքելութեան ու գործունէութեան շուրջ։ Անոնք ուշադրութեամբ հետեւեցան իրենց ներկայացուած տեղեկութիւններուն՝ հերթական անգամ անդրադառնալով, թէ դաւանակից ու քոյր Հայ Առաքելական եւ Ղպտի Ուղղափառ եկեղեցիները համաքրիստոնէական ընտանիքէն ներս վաղեմի եւ խոր աւանդութիւններով տարրեր կը հանդիսանան։

Հիւրերը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնեցին Թաւատրոս Պատրիարքին կողմէ ողջոյնի նամակ մը եւ  անոր կողմէ ուղարկուած յուշանուէր մը, որ պատրիարքական գեղազարդ ասա մըն էր։

Ուրբաթ, Յունիս 18, 2021