ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎՆԱՍՈՒԱԾ՝ ԱՅՍ ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ՏԵՂԱՏԱՐԱՓԻՆ ՊԱՏՃԱՌՈՎ

Իսթանպուլի մէջ այս առտուան տեղատարափը տակնուվրայ ըրաւ կեանքը։ Քաղաքի բնակիչները յորդառատ անձրեւի հետեւանքով մեծ դժուարութիւններ ապրեցան առօրեայի տեսանկիւնէն։ Բազմաթիւ մայրուղիներ, գետնանցումներ, շէնքերու գետնայարկեր դժբախտաբար մնացին ջուրերու տակ։

Միւս կողմէ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի աղբիւրները հաղորդեցին, որ այս առաւօտեան տեղատարափին հետեւանքով եկեղեցին տուժած է լրջօրէն։ Բացի անմիջական շրջափակէն, ջուրերը հասած են մինչեւ տաճարին մէջը։ Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ եկեղեցիին մէջ յառաջ եկած է նիւթական վնաս։

Երեքշաբթի, Յուլիս 18, 2017