ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ «ՆԱՏԻԱ-ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼՄԷԶԿԻԼ» ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՈՑԻ ԱՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐԸ ՊՍԱԿՈՒԵՑԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս, «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստից աշխատանոցի երդիքին տակ, վերջին շուրջ մէկ ամսուան ընթացքին տեղի ունեցան ամրան դասընթացքներ։ Վերջին տարիներուն արդէն աւանդական դարձած է այս ծրագիրը, որ կ՚արժանանայ հետաքրքիրներու ուշադրութեան եւ առիթ կը հանդիսանայ խանդավառութեան։ Այս տարուան դասընթացքներն ալ պսակուեցան փայլուն յաջողութեամբ՝ թէ՛ մասնակիցներու քանակին եւ թէ տարուած ստեղծագործական աշխատանքի ընդհանուր արդիւնաւէտութեան տեսակէտէ։ Ծրագրի պատասխանատուն էր՝ Առլին Շահպազ Շերեմէթ, որ վերահսկեց ու համակարգեց բոլոր աշխատանքները։

Իսթանպուլի զանազան թաղերէն յիսուն աշակերտ մասնակցեցաւ դասընթացքներուն, որոնց ծիրէն ներս գեղարուեստական աշխատանքի առընթեր, նաեւ շարք մը մարզաձեւերու մէջ պարապումներ նախատեսուած էին։ Շուրջ ամիս մը տեւեցին դասընթացքները, որոնք աւարտին հասան եզրափեկիչ հանդիսութիւնով մը։ Այս առթիւ ելոյթ մը ունեցաւ Առլին Շահպազ Շերեմէթ, որ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց տարուած աշխատանքին շուրջ։ Հանդէսի յայտագրին մասնակցութիւն բերին նաեւ դասընթացքներու մասնակից աշակերտները, որոնց յանձնուեցան վկայականներ։

Յառաջիկայ հոկտեմբերէն սկսեալ Գարակէօզեանէ ներս պիտի շարունեկուին նման դասընթացքներ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 18, 2018