ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ԿԱՐԾԻՔՆԵՐ
Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական տքթ. Յակոբ Այնթապլեան, որ վերջին տարիներուն Հայաստան հաստատուած է, երէկ երեկոյեան ասուլիսի մը մասնակցեցաւ Գնալըի բարձունքին։ Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ կազմակերպուած ձեռնարկը՝ ամարանոցի միջավայրի մէջ կեանքի կոչուած ընթացիկ ծրագիրներուն հետ անբաղդատելի մակարդակ մը ունէր։ Յակոբ Այնթապլեան թէեւ մասնագիտութեամբ սրտաբան է, սակայն, հայոց լեզուով արտադրող հեղինակ մըն է, նաեւ խորաթափանց կը տիրապետէ հայոց լեզուի արդի հարցերուն եւ այդ օրակարգին ուղղութեամբ ալ լուրջ աշխատանք կը տանի Երեւանի մէջ։ Այս բոլորին տեսակէտէ երէկուան ձեռնարկը շատ հետաքրքրական էր ու պէտք է ըսել, որ տքթ. Այնթապլեան լիուլի արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերը։ Ան արտայայտուեցաւ ո՛չ միայն որպէս մասնագէտ, այլեւ՝ որպէս սրտցաւ հայ մարդ, որ տագնապած է իր մայրենիի առկայ վիճակով։
Երեկոյթը կազմակերպուած էր յայտնի մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեանի ջանքերով։ Ան յաճախ հանդէս կու գայ՝ Այնթապլեանի բանաստեղծութիւններուն վրայ յօրինուած գործերու կատարումներով։ Արթիւր Պաղտասարեան այս առումով Յակոբ Այնթապլեանի ստեղծագործութեան ծանօթացման կամաւորներու շարքին է։ Իսկ երէկուան ձեռնարկը այդ կամաւոր աշխատանքը նոր հարթութեան մը վրայ դրաւ՝ քանի Պաղտասարեան հնարաւորութիւն ընձեռեց Այնթապլեանի պոլսահայութեան հետ շփման։
Երեկոյթը սկսաւ՝ Երեւանէն Այնթապլեանին ընկերակից լրագրող Վահագն Զաքարեանի ողջոյնի խօսքով։ Այնուհետեւ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճան կենդանի զրոյց մը ունեցաւ Այնթապլեանի հետ։ Հաւաքոյթի ընթացքին մասնագէտ հիւրը առանձնապէս անդրադարձաւ անմոռանալի բանաստեղծ Զահրատի 100-ամեակին՝ շեշտելով, որ այս յոբելեանին առթիւ մասնաւոր աշխատանք պիտի տարուի եւ աւելի վերջ այդ հիման վրայ ձեռնարկներ կազմակերպել կարելի պիտի ըլլայ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Թուրքիոյ մէջ։
Յայտագիրը ունէր նաեւ երաժշտական բաժին մը, որ կեանքի կոչուեցաւ թէ՛ ձայնատեսողական սփռումներով եւ թէ մանաւանդ՝ Արթիւր Պաղտասարեանի տպաւորիչ մեներգներով։ Նոյն բաժնին մէջ հանդէս եկաւ նաեւ Արփէն Չընար։ Երաժշտական բաժնի թեքնիք պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Սեւան Աթաօղլու։
Երեկոյթի ներկաներու շարքին էին Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան, Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հերկելեան։ Եզրափակիչ փուլին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ դրուատիքը հիւսեց Արթիւր Պաղտասարեանի կազմակերպչական ջանքերուն։ Տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում՝ մինչ արձակման փուլին ներկաներն ալ ջերմօրէն շրջապատեցին Յակոբ Այնթապլեանը, որ այս գիշեր հրաժեշտ կ՚առնէ քաղաքէս։
Միւս կողմէ, Յակոբ Այնթապլեան երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մըն ալ տուաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին։ Գումգաբուի առընթեր, ան փութաց նաեւ Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր շրջայցի ընթացքին յարգանքի առարկայ դարձուց մեր այն մտաւորականները, որոնց մարմինները ամփոփուած են այնտեղ։
*
Ծ.Խ.- Արթիւր Պաղտասարեանի ջանքերով կազմակերպուած երէկուան ձեռնարկը, ըստ երեւոյթին, պոլսահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս ներկայ ամրան ամենակարեւոր ձեռնարկն է՝ մանաւանդ հայ մշակոյթի եւ լեզուի առումով։ Դժբախտաբար, այս մակարդակով մտաւորականի մը այցելութեան կամ ներկայութեան հնարաւորութիւնը մսխուեցաւ։ Գնալը կղզիի եկեղեցին թէեւ ամրան ամիսներուն բաւական բանուկ է, սակայն, տարակոյս չկայ, որ չափազանց սիրողական մակարդակի վրայ գործունէութիւններ կը կազմակերպուին այնտեղ, ինչ որ յարիր չէր երէկուան հիւրին։ Յակոբ Այնթապլեանի հետ զրոյցին մասնակցեցան միայն այնպիսի մարդիկ, որոնք զուտ ժամանցի նպատակ ունէին։ Անշուշտ, հայերէնով եւ հայերէնի վերաբերեալ այսպիսի հաւաքոյթի մը համար իրատես չէ հոծ բազմութիւն մը ակնկալել։ Յամենայնդէպս, աշխատանք կրնար տարուիլ, որպէսզի մասնակիցներու ընդհանուր դիմագիծը քիչ մը աւելի տեսակաւոր ըլլար՝ մանաւանդ, որ ամրան շրջանին կղզիի վրայ կը գտնուին գոնէ անանտեսելի թիւով կրթական մշակներ, որոնք հայերէն կը դասաւանդեն։