ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՈՒՐԱԽԱԿԻՑ ՀՐԵԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ այ­ցե­լեց Հրէից րա­բու­նա­պե­տա­րան։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րեց հրեայ հա­մայն­քին Ա­մա­նո­րը՝ «Ռոշ հա­շա­նա»ի տօ­նը։ Ան ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Խա­խա­մա­պետ Ռաւ Իս­հաք Հա­լե­ւա­յի կող­մէ, ո­րու կող­քին էին նաեւ հրեայ հա­մայն­քէն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ան­կեղծ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ յղեց հրեայ հա­մայն­քին։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին հետ նոյ­նա­ժա­մա­նակ րա­բու­նա­պե­տը հիւ­րըն­կա­լեց նաեւ զա­նա­զան յա­րա­նուա­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը եւ այս­պէ­սով երկ­րի փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ու­րա­խա­կից ե­ղան հրեայ հա­մայն­քին։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2015