ԱՊԱԳԱՅԻ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Աթոռին յարակից ստեղծուած «Յովակիմ 1461» վաքֆի վերաբերեալ իրադարձութիւնները ներկայիս կը շարունակեն առաջնահերթօրէն զբաղեցնել համայնքային կեանքը։ Այս շաբթուան մէջ, Պատրիարքարանի երդիքին տակ դարձեալ ժողով մը տեղի պիտի ունենայ այս վաքֆին համար։ Այս նիւթին վերաբերեալ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած ժողովին լոյսին տակ հաղորդած էինք մանրամասնութիւններ՝ շեշտելով, որ յառաջիկայ ժողովին ընթացքին պիտի առնուին վերջնական քայլեր։ Այս Չորեքշաբթի, ժամը 18.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ տեղի պիտի ունենայ սպասուած նիստը։ «Յովակիմ 1461» հիմնարկի վարիչներէն Պետրոս Մարզուան ժողովի սեմին մեզի փոխանցեց կարգ մը տեղեկութիւններ։

Հաշուի առնելով, որ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարելու ժամանակ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հրաժարած էր նաեւ այս հիմնարկէն, յառաջացած է վարչութեան կազմին մէջ պակաս մը։ Թէ՛ այդ պակասը լրացնելու եւ թէ նոր ատենապետ մը կեանքի կոչելու համար անհրաժեշտ դարձած է ընդհանուր ժողովի մը գումարուիլը։ Բայց եւ այնպէս, այս ընդհանուր ժողովը ընթացիկ նշանակութենէ շատ աւելին պիտի ունենայ։ Սոյն հիմնարկի նոր դիմագիծը ճշդելու առիթի մը վերածուած է գործընթացը։ Պետրոս Մարզուան եւս հաստատեց այն լսումները, ըստ որոնց յառաջիկայ շրջանին «Յովակիմ 1461» հիմնարկէն պիտի քաշուին մեր հոգեւոր հայրերը եւ ան իր ճանապարհը պիտի շարունակէ՝ աշխարհականներու պատասխանատուութեան տակ։ Ղեկավարութեան նոր դիմագծով հանդերձ, այս հիմնարկը պիտի շարունակէ անմիջական աղերս եւ մասնակցութիւն ունենալ Պէյքոզի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս վաքֆին հետ շարք մը փաստաթուղթեր ստորագրած է՝ թաղի երբեմնի գերեզմանատան ապասեփականացուած հատուածի հատուցման գումարներու տնօրինման եւ մնացեալ հատուածի ապագայ արժեւորման ճանապարհին։

«Յովակիմ 1461» հիմնարկի դիմափոխութեան վերաբերեալ խմորումներուն զուգահեռ՝ կը հասուննան նաեւ Պէյքոզի վերաբերեալ գործարքներու ապագայ վարկածները։ Պետրոս Մարզուան մեզի յայտնեց, որ Պէյքոզի թաղային խորհուրդին եւ իրաւաբան Ալի Էլպէյօղլուի միջեւ անցեալին ստորագրուած համաձայնութիւնները կը շարունակեն խնդրայարոյց երեսակներ ունենալ։ Թաղային խորհուրդի խորհրդատու յանձնախումբի պաշտօնի կոչուելէն վերջ այս նիւթին շուրջ լաւատես, դրական տուեալներ հրապարակուած էին։ Մանաւանդ՝ յայտարարուած էր, որ տարածքի մնացեալ հատուածի ապագային վերաբերեալ Պէյքոզի թաղային խորհուրդի եւ Ալի Էլպէյօղլուի միջեւ ստորագրուած ծանր պայմաններով համաձայնութիւնը ջնջուած է։ Պետրոս Մարզուան մեզի յայտնեց, թէ թէեւ Պէյքոզի թաղային խորհուրդի պաշտօնական որոշումներու տետրակին մէջ այդպիսի արձանագրութիւն մը անցուած է, սակայն իրենք ցայսօր այդ համաձայնութեան չեղարկման վերաբերեալ վերջնական պաշտօնական փաստաթուղթը չեն տեսած, չեն ունեցած։ «Յովակիմ 1461» հիմնարկին տեսակէտէ սա շատ կենսական նշանակութիւն ունի, որովհետեւ այս հիմնարկն է, որ գործնական պատասխանատուութիւն կը կրէ թէ՛ հատուցման գումարներուն եւ թէ համայնքապատկան մնացեալ տարածքի ապագայ արժեւորման ճանապարհին։ Պետրոս Մարզուանի խօսքերով՝ որքան ատեն որ այդ fesihname-ն իրենց ձեռքը չհասնի, ապա փաստաբանի շահաբաժնին վերաբերեալ խնդիրները վերջնականօրէն լուծուած պիտի չհամարուին։

Բաց աստի, աւելի հեռահար ապագայի համար ալ կան խնդիրներ եւ մտահոգութիւններ։ Ըստ Պետրոս Մարզուանի, սրտբացօրէն պէտք է ընդունիլ, որ ո՛չ «Յովակիմ 1461» հիմնարկը եւ ոչ ալ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը՝ իր խորհրդատու յանձնախումբով հանդերձ, խորքին մէջ, ունին անհրաժեշտ ներուժն ու պաշարը այսպիսի մեծ ծրագրով մը զբաղելու համար։ Եթէ Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան համայնքին ձեռքը մնացած հատուածին վրայ շինարարութիւն մը պիտի կատարուի, ապա սա տքնաջան ու գերմարդկային ջանքերով միայն հնարաւոր պիտի ըլլայ։ Այդ կալուածի կարգավիճակի փոփոխութեան եւ շինարարութեան բացուելուն համար դիւանակալական համբերատար գործընթաց մը կ՚ենթադրըւի։ Աւելի վերջ ալ յամառ աշխատանքով զուգորդուելիք ուրիշ փուլեր պիտի ըլլան համայնքին առջեւ։ «Հետեւաբար, մեր մտածումը այն է, որ Պէյքոզի տարածքին վերաբերեալ ամբողջ գործարքի ապագան ժամ առաջ վստահուի Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան։ Սա պիտի ըլլայ միակ ապահովագրութիւնը՝ որպէսզի երաշխաւորուի, թէ Պէյքոզի միջոցներն ու տարածքը ապագային պիտի մնան մեր համայնքին ձեռքը եւ պիտի ծառայեցուին մեր համայնքի շահերուն։ Միայն Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցն է, որ՝ որպէս հաստատութիւն այսպիսի գործի մը ծանրութիւնը կրելու ներուժը, հնարաւորութիւնը ունի», ըսաւ Պետրոս Մարզուան։

«Յովակիմ 1461» հիմնարկի ապագային վերաբերեալ կարեւոր ժողովին ընդառաջ Պետրոս Մարզուան շեշտեց, թէ համայնքը բարւոք լուծում մը պէտք է գտնէ այս խնդիրներուն։ «Յովակիմ 1461»ը Պէյքոզի նիւթի պարագային երբեք շրջանառութենէ դուրս պիտի չմնայ։ Հետեւաբար, անոր մասնակցութիւնը պէտք է առիթի մը վերածուի՝ համայնքային շահերուն տեսակէտէ նպաստաւոր հեռանկարներ ունենալու առաջադրութեամբ։ Իր խօսքերով՝ հիւանդանոցի վերաբերեալ նախընտրութիւնը այժմէն արդէն արդարացուած է։ «Պարզ յիշեցում մը ընեմ ձեզի։ Որպէս հատուցում Պէյքոզի թաղային խորհուրդին փոխանցուած գումարը այժմ 14 առ հարիւր համեմատութեամբ տոկոսադրոյթով, վեց ամսուան ժամկէտով կը գտնուի դրամատան մը մէջ։ Այս գործարքը ոչ միայն կը քննադատուի, նոյնիսկ կը ջղայնացնէ մեր համայնքի բանիմաց շրջանակները, որոնք համոզուած են, թէ առանց խորհրդակցութեան առնուած ամուլ քայլ մըն է այս մէկը։ Հետեւաբար, յառաջիկային պէտք է կանխուին նոր ամուլ քայլերը եւ անարդիւնաւէտութեան վտանգները», եզրափակեց Պետրոս Մարզուան։  

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2017