ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ «ՄԵՆԹԻ-ՄԵՆԹՈՐ» ԾՐԱԳՐԻ ՄԱՍԻՆ ԺՈՂՈՎ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի հրաւէրով, երէկ, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ խորհրդակցական ժողով մը, որու ընթացքին Պատրիարքական Աթոռոյ «Մենթի-Մենթոր» ծրագրի մասին խորհադածութիւններ տեղի ունեցան։ Ժողովին մասնակցեցան Կեդրոնական վարժարանի տնօրէնուհի Սիլվա Գույումճեան, Ս. Խաչ դպրեվանքի տնօրէն Արմէն Սարուխանեան, Սահակեան-Նունեան վարժարանի տնօրէնուհի Տիանա Եըլանճըօղլու, Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհի Եւա Օրագեան, վաստակաւոր տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, Մերի Թաքսի Տեւեճեան, Ժպիտ Էօղէր, Քարոլին Իւչէր Իչլիիւրէք, տոչ. տքթ. Քոզէթ Աւանուս, Արաս Եոլուսեւէր, Լեռնա Մեզիրճիեան, Մկրտիչ Արծիւեան եւ Շահնուր Գազանճը։

Պատրիարք Հայրը իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն եւ ուրախութեամբ անդրադարձաւ «Մենթի-Մենթոր» ծրագրի մասին։ Ինք անձամբ ականատեսը եղած էր, թէ սոյն ծրագիրը անցեալ տարի եւս օգտակար եղած էր համայնքիս երիտասարդներուն։ Պատրիարքական Աթոռը վկայելով սոյն ծրագրի յաջողութեան՝ կը շարունակէ վստահիլ ծրագրի գործակիցներուն եւ Նորին Ամենապատուութիւնը տեսնելով կամաւոր երիտասարդներուն կամքը, տնօրինած է այս տարի եւս հովանաւորել սոյն աշխատութիւնը։ Պատրիարք Հայրը շեշտեց երիտասարդութեան կարեւորութիւնը եւ ըսաւ, թէ բոլոր միջոցներուն պէտք է դիմել, որպէսզի համայնքիս երիտասարդները գիտութեան վրայ հիմնաւորուած ունենան փայլուն ապագայ մը։ Առ այդ, մեր Հոգեւոր Պետը ժողովի հրաւիրած էր նաեւ համայնքային լիսէներէ տնօրէններ ու ակադեմականներ, որպէսզի կրթական մշակներ ու ակադեմականներ եւս իրենց գաղափարներով նպաստեն ծրագրի առաւել զօրացման։

Սոյն ժողովը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի «Մենթի-Մենթոր» ծրագրի գործակիցներ մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեն ներկաներուն ու գաղափարի փոխանակում կատարուի նոր տարեշրջանի նախօրէին։ Ըստ իրենց տեղեկութեանց, ծրագրի մասնակիցներու թիւը այս տարի բազմացած էր։ Քորոնա համավարակի շրջանին սահմանափակումներ ըլլալով հանդերձ, համացանցի դրութեամբ ծրագիրը կը շարունակէ գործել։ Սոյն ծրագրի ճամբով աւարտական դասարանի աշակերտներ առիթը կ՚ունենան աւելի երէց եւ փորձառու համալսարանականներէ խորհուրդ ստանալու։ Մասնակիցներ շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ Պատրիարք Սրբազան Հօր, որուն հայրական մերձեցումը քաջալերական դեր կ՚ունենայ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 18, 2020