ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄՕՏ ԻՏԱԼԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Իտալիոյ դեսպան Ճիորճիօ Մարափոտին, որուն կ՚ընկերանար դեսպանութեան քաղաքական նիւթերու գծով խորհրդատուն։ Ան Իսթանպուլ գտնուելու առիթն օգտագործելով փափաքած էր այցելել հայոց պատրիարքարան։

Նորին Ամենապատուութիւնը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց իտալացի դեսպանը, որուն հետ ունեցաւ անմիջական զրոյց։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը բարձրաստիճան դիւանագէտին տեղեկութիւններ տուաւ Պատրիարքական Աթոռի պատմութեան, առաքելութեան ու այժմու գործունէութեան, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին շուրջ։

Զրոյցի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը իտալացի դեսպանին նուիրեց նաեւ գիրք մը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2024