ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ՍԿՍԱՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ պաշտօնապէս սկիզբ տուաւ թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուելիք տարեկան սիրոյ սեղանի նախապատրաստական աշխատանքներուն։ Ծանօթ է, որ ատենապետ Մանուկ Էօղէրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը գերմարդկային ջանքեր ի գործ կը դնէ Մէրամէթճեան վարժարանի երթը կայուն պահելու համար։ Հակառակ անոր, որ Մէրամէթճեան վարժարանը կը գործէ մեր ամենահայահոծ թաղէն ներս, դժբախտաբար անոր խնդիրները շատ բարդ են։ Աշակերտներու սակաւութենէ սկսեալ մինչեւ պիւտճէի նեղ պայմաններ՝ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ ծառացած են Ֆէրիգիւղի ընտանիքին առջեւ։ Տարեկան մատաղօրհնութեան ընդառաջ, հերթական անգամ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը կ՚ենթարկուի զօրակոչի, երաշխաւորելու համար Մէրամէթճեան վարժարանի կայուն երթը։ Տնօրէնուհի Արփի Մանուկեանի կողմէ գլխաւորուած կրթական մշակները մեծ ջանքեր կը գործադրեն դպրոցի մակարդակը բարձր պահելու եւ ամէն տեսակէտէ կատարեալ աշակերտներ պատրաստելու առաջադրութեամբ։ Իսկ թաղային խորհուրդը այդ վաստակը արժեւորելու եւ դպրոցի գործունէութեան տեւականացումը ապահովելու համար տարիներէ ի վեր մեր ամբողջ համայնքը շարժման կ՚անցընէ։
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) վերջին ժողովի ընթացքին Մանուկ Էօղէր Ֆէրիգիւղի այս տարուան մատաղօրհնութեան ընդառաջ ունեցաւ յատկանշական ելոյթ մը։ Մանուկ Էօղէր շեշտեց, որ Մէրամէթճեան վարժարանի անմիջական շրջակայքի մարդուժով այսօր կը գոյատեւեն հայկական վեց վարժարաններ։ Մանուկ Էօղէրի այդ մատնանշումը կարեւոր նշանակութիւն ունի զանազան առումներով, թէ՛ մարդուժի հարստութեան եւ թէ այդ մէկը համակարգուած, նպատակասլաց եւ արդիւնաւէտ ձեւով տնօրինելու տեսակէտէ։ Մեր համայնքի հաւաքական կեանքի եւ կրթական համակարգի բոլոր խնդիրները ներկայիս իրենց վառ դրսեւորումը կ՚ունենան Ֆէրիգիւղի պարագային։ Դժբախտաբար, այդ խնդիրներուն լուծումը կը յապաղի վարչական կամքի եւ համագործակցութեան ոգիի պակասին հետեւանքով։ Ֆէրիգիւղի ընտանիքը մեր համայնքի այն բջիջներէն է, որ առաւելագոյն համեմատութեամբ կը տուժէ այս իրավիճակին հետեւանքով։
Ուստի, այս տարուան մատաղօրհնութիւնն ալ ճակատագրական նշանակութիւն կը ներկայացնէ ֆէրիգիւղցիներուն համար։ Երէկ երեկոյեան տարեկան մատաղօրհնութեան պատրաստութիւնները սկսան այս ծանր իրավիճակով պայմանաւորուած պայքարի տրամադրութեամբ։ Ֆէրիգիւղցիները երկար ժամանակէ ի վեր օրինակելի յամառութեամբ բաց կը պահեն Մէրամէթճեան վարժարանի դռները եւ անոր աշակերտութեան արձանագրած զանազան յաջողութիւններն ալ բնականաբար արտասովոր ուրախութեան եւ նոյնպէս արտասովոր հպարտութեան առիթ կը հանդիսանայ։
Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի կողմէ օրհնուած սեղաններուն շուրջ երէկ երեկոյեան համախմբուեցան Ֆէրիգիւղի յարակից բոլոր մարմիններու ներկայացուցիչները, համակիրները, համայնքային մարմիններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ ծանօթ ազգայիններ, բարերարներ եւ հիւրեր։ Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ յարակից «Շիրինօղլու» սրահին մէջ բոլորը կրկնեցին իրենց զօրակցութիւնը ի նպաստ վարժարանին։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան եւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։ Ատենապետ Մանուկ Էօղէր եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։
Հաւաքոյթի տեւողութեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ Մանուկ Էօղէր։ Իսկ հուսկ բանքը ըրաւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, որ արտասանեց նաեւ փակման աղօթքը։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի ի նպաստ մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ Նոյեմբերի 6-ին։