ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՅԵՏԱՁԳԵՑ ԱՄՆ ԱՅՑԸ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան աշխարհահռչակ լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի մահուան պատճառով յետաձգեց իր ուղեւորութիւնը դէպի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ինչպէս հաղորդած էինք, նորին սրբազնութիւնը այսօր Լոս Անճելըս պիտի մեկնէր՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի հրաւէրին ընդառաջ։

Գումգաբուի աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ ընդհանուր փոխանորդը չէ փափաքած բացակայիլ Արա Կիւլէրի յուղարկաւորութեան արարողութենէն, ուստի յետաձգած է դէպի Լոս Անճելըս իր ուղեւորութիւնը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018