ՆՈՐԱԿԱԶՄ ՏԻԿՆԱՆՑ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ հիւրընկալեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արուշ Թաշը եւ իր գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեան։ Հանդիպման ընթացքին նորին սրբազնութեան տեղեկութիւն փոխանցուեցաւ, թէ Գումգաբուի Դրսի եկեղեցիէն ներս կազմուած էր նոր տիկնանց յանձնախումբ մը։ Խումբը կոչուած է Վառվառեայ տիկնանց յանձնախումբ։

Նորին սրբազնութիւնը ուրախութիւն յայտնեց այս ձեռնարկին համար՝ շեշտելով կանանց անժխտելի դերը, դրական ու օգտաշատ մասնակցութիւնը մեր համայնքային կեանքին։ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018