ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Իսթանպուլահայ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները երէկ կէսօրուան ճաշի սեղանի մը շուրջ համախմբուեցան Սամաթիոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի նոր եղանակի սկիզբին մեր հաստատութիւններու տիկնանց կազմերը նման հաւաք մը կ՚իրականացնեն՝ հնարաւորինս համապատասխանեցնելու համար իրենց աշխատանքային ժամանակացոյցը։ Երէկուան հաւաքոյթն ալ կը կրէր այս նպատակը։

Սեղանը օրհնեց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան, որ տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու յաջողութեան մաղթանքը։ Ան միեւնոյն ժամանակ աղօթք արտասանեց նորոգ հանգուցեալ կրթական մշակ Թագուհի Հալաճեանի հոգւոյն ի հանգիստ։

Տիկնանց յանձնախումբերու համատեղ կազմի վարչութիւնը վերջին շրջանին վերաձեւաւորուած է։ Ատենապետուհիի պաշտօնը կը շարունակէ վարել Թագուհի Կիւլ, որ եւս հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։

Միասնաբար ճաշելէ վերջ հաւաքի մասնակիցները որոշեցին յառաջիկայ շրջանին իրենց տանելիք աշխատանքի հիմնական ուղղութիւնները։ Անոնք նաեւ միասնաբար նկարահանուեցան Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ բակին մէջ։

(Լուսանկար՝ Մկրտիչ Արծիւեան)

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 18, 2018