ՓԼՈՎՏԻՒԻ ՄԷՋ ՅԱՂԹԱՆԱԿ
«Մարալ» երգի-պարի համոյթը շաբաթավերջին այցելեց Փլովտիւ, ուր ունեցած ելոյթին փայլուն արդիւնքը յաղթանակի մը համազօր եղաւ։ Պուլկարահայութեան տեսակէտէ անմոռանալի դարձաւ «Մարալ»ի ելոյթը, որու ծրագրին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ։ Մէկ կողմէ մարալցիներու հոյակապ պարերը, իսկ միւս կողմէ Մարալ Այվազի քնքոյշ ձայնը՝ խոր տպաւորութիւն գործեցին հանդիսատեսին վրայ։ «Մարալ»ի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքան հերթական անգամ ապացուցանեց իր վարպետութիւնը։
Փլովտիւի «Պորիս Խրիսթով» կեդրոնէն ներս այս ձեռնարկը կազմակերպուած էր «Արաքս» հիմնադրամի նախաձեռնութեամբ։ Հիւրընկալ այս կառոյցի վարչութեան ատենապետուհին՝ Մարիամ Կարապետեան եւ իր գործակից ընկերներն ալ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին «Մարալ»ի ընտանիքը։ Ի յիշատակ ձեռնարկին, անոնք յուշանուէր մըն ալ յանձնեցին Կարպիս Չափքանին։
Համոյթը արդէն վերադարձաւ քաղաքս։