ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԸ ԿԸ ՁԳՏԻ 1000 ՄԱՐԶԻԿ ՆԵՐԳՐԱՒԵԼ

Շիշլի մարզակումբը 2024-2025 շրջանի աշխատանքներուն ձեռնարկած է ամբողջ թափով։ Ակումբը այս տարի ութ մարզաձեւերու մէջ, մօտաւորապէս 650 մարզիկով կը հետապնդէ իր յաւակնոտ նպատակները։ Ակումբի վարչայինները կը շեշտեն, որ իրենց նպատակն է աւելի բարձր թիւով մարզիկներ ներգրաւել գործունէութիւններուն։ Արդարեւ, բոլոր մարզաձեւերու մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները մեծ յոյս կը ներշնչեն, որ Շիշլիի յաջողութիւնները այս տարի նորովի վերելքով կ՚ընթանան։

Պասքեթպոլի, վոլէյպոլի, փինկ-փոնկի, թենիսի, ճատրակի, մարմնամարզի մէջ Շիշլիի զանազան կազմերը պայքար կը մղեն, մինչ քաղաքի զանազան կէտերուն վրայ ալ ձմրան դասընթացքները կ՚ընթանան կայուն թափով։ Վարչայինները կը տեղեկացնեն, որ մարզակումբը այս տարի եւս պիտի շարունակէ մասնակցիլ նաեւ համայնքէն ներս նախատեսուած աւանդական մրցաշարքերուն։ Շիշլիի որդեգրած ընթացքով՝ մարզակումբի գործունէութեան կը ներգրաւուին նաեւ մարզիկներուն առընթեր՝ ընտանիքները, ինչ որ թէ՛ յաջողութեան գրաւական մը կը հանդիսանայ եւ թէ կ՚երաշխաւորէ բոլորի բարձր տրամադրութիւնը։ 

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 18, 2024