ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Պոմոնթի Մխիթարեան վարժարանի պարտէզին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ խանդավառ խրախճանք մը։ «Ոսկի աշուն» անուանեալ այս աւանդական հաւաքոյթը համախմբեց մեր համայնքէն զանազան սերունդներէ ներկայացուցիչներ, որոնք ձմեռնամուտի ներկայ շրջանին զիրար վայելեցին, ըմբոշխնեցին անկեղծ զրոյցը։ Բարենպաստ եղանակէն ալ օգտուելով խրախճանքի մասնակիցները դպրոցի պարտէզին մէջ վայելեցին շաբաթավերջի անդորրութիւնը։

Ոսկի աշնան խրախճանքը կազմակերպուած էր Միջմիութենական յանձնախումբին կողմէ։ Պոլսահայ սանուց միութիւններու եւ այլ ակումբներու նախաձեռնութեամբ այս հաւաքոյթը առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Ձեռնարկի սկիզբին ողջոյնի խօսք մը արտասանեց Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Պիւյիւքսիմքէշեան, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ միջմիութենական յանձնախումբը։ Ան նշեց, որ ոսկի աշունը հին աւանդութիւն մըն է եւ անոր վառ մնալուն նկատմամբ մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէր նաեւ երանաշնորհ պատրիարք Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան։ Ան հաճելի ժամանց մաղթեց բոլոր մասնակիցներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի կազմակերպիչներուն։

Խրախճանքի տեւողութեան երաժշտական յայտագիր գործադրուեցաւ։ Մեներգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու մթնոլորտը խանդավառեց իր կատարումներով։ Երիտասարդները պար բռնեցին, իսկ երէցներ ալ աւելի ուրախացան անոնց ոգեւորութեամբ։

Պարտէզի մէկ անկիւնը կրակարաններու վրայ պատրաստուած խորովածները բաժնուեցան խրախճանքի մասնակիցներուն, որոնց մատուցուեցաւ նաեւ աշնան բնորոշ միրգեր եւ չիրեր։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 18, 2019