ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու գործակից ընկերները։ Հարկ է նշել, որ Վարուժան Մաղաքեան յառաջիկայ ընտրութիւններու համար իր ընկերներուն հետ նաեւ թեկնածու ներկայացած է, որպէսզի շարունակէ ստանձնել Պէյքոզի թաղային խորհուրդի ղեկը։ Ուստի, Պատրիարքարան այցելած խումբին մաս կազմեցին թէ՛ այժմու թաղականներ եւ թէ թեկնածուներ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը զրոյցի ընթացքին մանրամասնութիւններ քաղեց թեկնածուներու՝ յառաջիկայ շրջանի վերաբերեալ մտադրութիւններուն եւ ծրագիրներուն կապակցութեամբ։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը բոլորին տուաւ իր օրհնութիւնը՝ յաջողութիւն մաղթելով յառաջիկայ շրջանին համար։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022