ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանը։ Այս վերջինը Նորին Ամենապատուութեան ներկայացաւ՝ թաղային խորհուրդի թէ՛ կարգ մը այժմու անդամներուն եւ թէ՛ նոր թեկնածուներուն հետ։ Հրանդ Մոսկոֆեան յառաջիկայ շրջանին ալ Գումգաբուի թաղային խորհուրդին գլուխը պիտի մնայ՝ անցեալ շրջանին պաշտօնավարած կարգ մը ընկերներէն եւ նոր անուններէ բաղկացեալ կազմով մը։ Ուստի, երէկուան այցելութեան ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տեղեկութիւններ ստացաւ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի յառաջիկայ գործունէութեան համար որդեգրուած առաջնահերթութիւններուն շուրջ։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը հայրական օրհնութիւնները տուաւ թեկնածուներուն՝ յղելով յաջողութեան մաղթանքներ։  

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022