ՀՐԱՏԱՊ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ յետմիջօրէին հիւրընկալեց համայնքային վարժարաններու տնօրէնները։ Նախակրթարաններու եւ միջնակարգերու տնօրէնները ներկայացան Նորին Ամենապատուութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը այս առթիւ շնորհաւորեց պաշտօնի նոր ձեռնարկած տնօրէնները եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։

Զրոյցի տեւողութեան Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նկատառման յանձնուեցան մեր վարժարաններու կրթական մշակներու նիւթական անբաւարար վարձատրութեան հարցերը։ Նորին Ամենապատուութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնեց այս խնդրի յաղթահարման ուղղութեամբ բերելու համար իր նպաստը՝ առկայ հարցերը յանձնելով վարչայիններու նկատառման։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը կրթական մշակները արձակեց օրհնութեամբ եւ փոխանցելով կարողութեան մաղթանքներ։  

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022