ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆԵՐԷՆ ԱՅՑ

Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանը։ Այս վերջինը այժմու թաղային խորհուրդի կարգ մը անդամներուն եւ նոր անուններու հետ թեկնածութիւն առաջադրած է, որպէսզի յառաջիկայ շրջանին ալ ստանձնէ Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը։ Անոնք Կապոյտ ցանկով կը ներկայանան մեր համայնքին։

Ուրեմն, մեր հիւրերն էին, Կարօ Վարժապետեան, Մարտիրոս Էվաթեան եւ Շարա Մարաշլեան։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք մեզի բացատրութիւններ տուին, թէ ի՛նչ մտադրութիւններ ունին Պէշիկթաշի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար։ Անոնք յայտնեցին, որ թէեւ Պէշիկթաշ ներկայիս հայ բնակչութենէ նօսրացած թաղ մըն է, սակայն, անոր պատմական աւանդութիւնները մեր այս հոյակերտ եկեղեցւոյ համար կը ներկայացնեն ձգողականութիւն։ Յամենայնդէպս, Պէշիկթաշ կը գտնուի հայահոծ շրջաններէ ոչ-հեռու։ Ուստի, Կապոյտ ցանկը մտադիր է խրախուսել երիտասարդութեան ուղղեալ նախաձեռնութիւնները։ Բաց աստի, Կապոյտ ցանկը կը նախատեսէ առաւելագոյն արդիւնաւէտութեամբ օգտագործել եկեղեցապատկան կալուածները։

Հարկ է նշել, որ Պէշիկթաշի Կապոյտ ցանկի կազմը ընտրութիւններուն ընդառաջ այցելութիւն մըն ալ տուաւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ ստացաւ իր օրհնութիւնը։  

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 18, 2022