ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ

Նորոգութեան եւ բարեզարդման աշխատանքներէ վերջ, երէկ, օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ Գանտիլլիի Սրբոց Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցին։ Օծման արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու կողքին էին Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան եւ քահանայ հայրեր։ Ներկայ էին նաեւ ատենապետ Յովհաննէս Ֆէնէրճիի գլխաւորած թաղային խորհուրդի անդամները, համայնքային մարմիններու երկայացուցիչներ, հասարակական գործիչներ եւ հաւատացեալներ։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտին մէջ օծեց եկեղեցւոյ աւագ խորանը, առաջաւորութեան սեղանը, մկրտարանը եւ անհրաժեշտ բոլոր բաժինները։ Ան արարողութեան ընթացքին տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին բոլորը գնահատանքով շրջապատեցին Գանտիլլիի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները։ Բոլոր մասնակիցները գնահատեցին թաղային խորհուրդի նուիրեալ աշխատանքով ապահովուած փայլուն արդիւնքը՝ փոխանցելով նաեւ բարեմաղթութիւններ։ Հուսկ, եկեղեցւոյ ի նպաստ ծառայութիւններուն համար յուշանուէրներ ստացան Եթքին Պէրպէօղլու, Մկրտիչ Սերթշիմշէք, Ռիթա Նուրնուր եւ Արսէն Եարման։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 18, 2023