ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճուն եւ ժրաջան անդամներէն Մուրատ Կէօրէյը։ Այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ եւ թաղի վարժարանին ի նպաստ տարեկան աւանդական սիրոյ սեղանը։ Մատաղօրհնութեան ընդառաջ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները խմբագրատունս այցելելով բացատրութիւններ տուին նախապատրաստական աշխատանքներուն եւ ընթացիկ գործունէութեան շուրջ։

Մեր հիւրերը երէկ մասնաւորապէս անդրադարձան Եշիլգիւղի վարժարանի ներկայ վիճակին եւ մակարդակին։ Հայաբնակ այս թաղին մէջ կրթական աշխատանքը յառաջ կը տարուի թափով։ Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդը բազմակողմանի աշխատանքով մը կը յաջողի աշակերտութեան ծնողներէն հնարաւորինս բարձր մակարդակով զօրակցութիւն ապահովել դպրոցին համար։ Ի լրումն այս բոլորին Եշիլգիւղի ընտանիքը դպրոցի կայունութիւնը երաշխաւորելու ճանապարհին կ՚ապաւինի նաեւ համայնքի զօրակցութեան։ Այս առումով շաբաթավերջի սիրոյ սեղանը կը նկատ-ւի բախտորոշ, որպէսզի համայնքային շրջանակները հերթական անգամ զօրակցութեան առարկայ դարձնեն Եշիլգիւղի վարժարանը։

Միւս կողմէ, թաղականները երէկուան հանդիպման ընթացքին նշեցին, որ կալուածական հարցերու վերաբերեալ նախաձեռնութիւններն ու օրինական գետնի վրայ յամառ պայքարն ալ կը շարունակուին։ Այստեղ կարեւոր հեռանկարներ խնդրոյ առարկայ են Եշիլգիւղը ինքնաբաւ դարձնելու տեսակէտէ։ Կալուածական խնդիրներու կարգաւորման պարագային Եշիլգիւղը նոյնիսկ պիտի կարողանայ մեր ամբողջ համայնքին աջակցութիւն ցուցաբերելիք կացութեան մը հասնիլ։

Յաջողութիւն կը մաղթենք Եշիլգիւղի ընտանիքին շաբաթավերջի մատաղօրհնութեան համար։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2019