ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՔԷՐՄԷՍ

Երէկ, Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ Ամանորի աւանդական քէրմէս մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Վարժարանի համակիրներ եւ զանազան թաղերէ հիւրեր այս առթիւ այցելեցին Էսաեան վարժարան, որու սրահին մէջ սարքուած տաղաւարներու շուրջ համախմբուեցան տօնական տրամադրութեամբ։ Այցելուները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան շրջանի բնորոշ ճաշակաւոր իրեղէններուն նկատմամբ։ Քէրմէսի բացման ներկայ գտնուեցան նաեւ Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ։

Այս ձեռնարկը կազմակերպած տիկնանց կազմի անդամուհիներն են հետեւեալները.

Զեփիւռ Կիրակոսեան, Նատիա Զիւլէմեան, Անի Պահարօղլու, Կիւլվարդ Պահարօղլու, Նազլը Պոզ, Պրիան Շիլէլեան, Նուարդ Խաչերեսեան, Ֆիլոր Կազէր, Սօնա Քեշիշեան, Պերճուհի Յովակիմ, Զէքիյէ Տաշ, Վարդանոյշ Տուրմազկիւլէր, Վարդուհի Ֆենտ, Արուս Թեճէլ եւ Կիւլիզար Ահպապ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2019