ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵՐ

Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Սրբազան Հայրը երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց քաղաքիս քրիստոնեայ յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդները։ Այսպէս, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչները Գումգաբու փութացին՝ Նորին Ամենապատուութեան ընտրութիւնը շնորհաւորելու համար։ Բոլորը ջերմ զգացումներով յաջողութեան մաղթանքներ յղեցին Ընտրեալ-պատրիարք Հօր։ Այս ամբողջին մէջ Պատրիարքարան փութացին Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը, Ասորիներու պատրիարքական փոխանորդ մետրապոլիտ Եուսուֆ Չեթին, Թուրքիոյ կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան եւ այլք։ Հարկ է նշել, որ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը այցելութեան ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան նուիրեց երկու պանակէ եւ լանջախաչ մը։ Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ-պատրիարք Հայրն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց յանուն Պատրիարքական Աթոռին։

Միւս կողմէ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն առընթեր երէկ Պատրիարքարան այցելեցին նաեւ շարք մը տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ քաղաքապետներ։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2019