ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնին առթիւ արարողութեանց։
Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին սարկաւագ ու դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ատրուշան Սրկ. Հալաճեանի։ Ներկայ էին Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան եւ քահանայ հայրեր։
Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ նաեւ օրուան պատգամը, որու ընթացքին պատմեց Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի եւ Գլխադիր Սուրբ Յակոբ առաքեալի վարքերը։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անդրադարձաւ անուան տօնախմբութիւն գաղափարին։ Ան պատուիրեց ընտանիքներուն, որպէսզի իրենց զաւակներուն տան սուրբգրական եւ աւանդական անուններ, որոնցմով կարելի կ՚ըլլայ վերակենդանացնել անուան տօնախմբութեան աւանդութիւնը։ «Մանուկներուն տրուած սուրբերու անունները ազդեցիկ են եւ շատ բան կը սորվեցնեն իրենց։ Այս իսկ պատճառաւ պէտք է վերադառնալ մեր այս աւանդութեան, ինչպէս ուրիշ աւանդութիւններու եւս», ըսաւ ան։
Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ անուան տօնը շնորհաւորելով Նորին Ամենապատուութիւնը կարողութիւն մաղթեց անոնց, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն այս գողտրիկ եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու համար։
Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։