ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արքեպիսկոպոս Մաշալեան, 18 յունուար 2021 թուակիր նամակով մը ցաւակցութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։

Կիլիկեան Ս. Աթոռի վաստակաշատ միաբաններէն եւ Դպրեվանուց տեսուչ Տ. Մեղրիկ Ս. Եպիսկոպոս Բարիքեանի վախճանման առթիւ գրի առած ցաւակցագիրին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը անդրադառնալով՝ հոգելոյս սրբազանի, հակառակ յարաբերաբար երիտասարդ տարիքին, ետին թողած երեսուն եւ երկու ամեայ հոգեւոր ու վարչական ծառայութեան՝ ի սպաս դրուած Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ իր խնամքին յանձնուած ժողովուրդին հոգեւոր մխիթարութեան՝ ըսաւ.

«Մեր յիշողութեան մէջ թարմ է հոգելոյս սրբազան հօր Մայրավանքին մէջի ծառայութիւնը՝ երբ այցելեցինք Անթիլիաս։ Եւ, ինչպէս Ձեր Վեհափառութիւնը իր դամբանականին մէջ յիշեց, հոգելոյս սրբազանը համակ ծառայութիւն էր, ուր եւ ինչ պաշտօնի վրայ ալ ըլլայ։

«Լաւ գիտենք, թէ ան որքան սիրուած էր եկեղեցական դասու առընթեր դպրեվանեցի սաներէն։ Իր ամէն դասակարգի հաւատացեալէ վայելած ժողովրդականութիւնն ու յարգանքը ցուցիչն է, թէ ան պահած էր իր նախորդներուն գիծը»։

Նորին Ամենապատուութիւնը իր, Պատրիարքական Աթոռոյ Կրօնական ժողովի, հոգեւորականաց դասու, համայնքային եւ թաղային մարմիններու վարիչներու եւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի, ցաւակցութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան եւ Կիլիկեան Ս. Աթոռի միաբանութեան եւ հոգեւորականաց դասու անդամներուն։

Երեքշաբթի, Յունուար 19, 2021