Հինգշաբթի 6, Փետրուար 2025
ՄԻՆՉԵՒ ՅՈՒԼԻՍԻ 25-Ը
Կը տեղեկանանք, որ «Քուլիս. թատերական յիշողութիւն մը, Յակոբ Այվազ» խորագրեալ ցուցահանդէսը երկարաձգուած է մինչեւ 25 յուլիս 2021 թուականը։
Կալաթասարայի «Եափը Քրետի» մշակոյթի եւ գեղարուեստի կեդրոնէն ներս, «Հրանդ Տինք» հիմնարկին կողմէ կազմակերպուած այս ձեռնարկը նախորդող շաբաթներուն արժանացած է հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան։ Ուստի, կազմակերպիչները որոշած են երկարաձգել ցուցահանդէսը, որ քորոնաժահրի սահմանափակումներով պայմանաւորուած ժամանակաշրջանին դարձած է մօտիկ հետաքրքրութեան առարկայ նախաձեռնութիւն մը։
Ուրբաթ, Փետրուար 19, 2021